2016-04-01 09:37:00

Միաթովիչ դատապարտած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու իրաւունքներուն ոտնահարումները։


Լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ անգամ մը եւս յորդորած է Թուրքիոյ իշխանութիւնները հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու լուսաբանման համար չհետապնդել ու դատապարտել լրագրողները: ԵԱՀԿ-էն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Միաթովիչ այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է այսօր թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ճան Տիւնտարի եւ Անգարայի գրասենեակի պատասխանատու Էրտեմ Կիւլի հարցով տեղի ունենալիք դռնփակ դատական նիստէն առաջ:

«Անընդունելի է հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթերու լուսաբանման պատճառով լրագրողներու բանտարկումը: Պետական գաղտնիքները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ պաշտօնեաներուն եւ ոչ թէ լրագրողներուն վրայ: Ես կը շարունակեմ լիայոյս ըլլալ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի գիտակցին խնդիրին կարեւորութեան ու ազդեցութեան, որ պիտի գործէ երկրին մէջ լրատուամիջոցներու ազատութեան վրայ», նշած է ԵԱՀԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչը:

Միաթովիչ նաեւ յայտնած է, որ լրագրողներու մասնակցութեամբ դատական նիստերը պէտք չէ կատարուին փակ դռներու ետին: «Իշխանութիւնները պէտք է երաշխաւորեն թափանցիկութիւնը, եւ պէտք է գերակշռէ հանրութեան` տեղեակ ըլլալու իրաւունքը», ըսած է ան:

Տիւնտար եւ Կիւլ ձերբակալուած էին ՏԱՀԵՇ-ին զէնքի մատակարարման մասին նիւթ հրապարակելնուն համար: Լրագրողները կը մեղադրուին ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցութեան եւ լրտեսութեան համար: Իրականութեան մէջ նիւթին մէջ կը բացայայտուի, թէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը բեռնատարերով զէնք կը մատակարարէ ՏԱՀԵՇ-ին: Լրագրողները ազատ արձակուած են Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի որոշումով: Այդ որոշումին դէմ արտայայտուած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` յայտարարելով, որ չի յարգեր Սահմանադրական դատարանի որոշումը:

Էրտողան եւ ՄԻԹ իբրեւ հայցուոր կողմ մասնակից են լրագրողներուն դէմ դատական գործին: Դատարանին որոշումով լրագրողներու դատական նիստերը այսուհետեւ դռնփակ պիտի կատարուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.