2016-04-01 12:10:00

Հրանոյշ Յակոբեան գիրքեր նուիրեց Պոսթընի սուրբ Ստեփանոս վարժարանին


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,  Մարտ 31-ին ԱՄՆ-ի մէջ այցելած է Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ այլ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ Սերժ Սարգսեան շրջած է վարժարանին մէջ, հետաքրքրուած կրթական այս հաստատութեան ընթացիկ գործունէութեամբ, առկայ խնդիրներով ու ծրագիրներով, ծանօթացած վարժարանի սաներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ գիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր նուիրած է Վարժարանին:

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կողմէ հիմնուած շուրջ 30-ամեայ պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախ կը յաճախեն համայնքի ամենատարբեր տարիքի 170-է աւելի երեխաներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.