2016-04-01 10:54:00

Երուսաղէմի եկեղեցիներու Զատկական պատգամը՝ խաղաղութիւն ս. Երկրին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ, Երուսաղէմի Պատրիարքներն ու կրօնապետերը, պատգամ մը ուղղեցին որուն մէջ կը խնդրեն խաղաղութիւն ս. Երկրի ու Միջին Արեւելքին համար։ Անոնք միաժամանակ կը խնդրեն որ յաչս գաղթականներու ալիքին,  օտար երկիրներ գացող փախստականները` գտնեն խաղաղութիւն։

Այդ ուղղութեամբ Արեւելքի եկեղեցիներն ու կրօնապետերը կոչ կ՝ուղղեն որպէսզի գաղթականները հիւրընկալութիւն գտնեն ու յարգուի անոնց իրաւունքն ու արժանաւորութիւնը։

Զատկական պատգամը բնականաբար համամիութենական բնոյթ ունի, քանի կը կրէ ստորագրութիւնը երեք պատրիարքներու՝ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք ֆուտ Թուալ, Յոյն օրթոտոքս պատրիարք` Թէոֆիլօ երրորդ ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Պատրիարք` Նուրհան Մանուկեանի, ինչպէս նաեւ ս. Երկրի պահակ ֆրանչիսկեան հայր Pierbattista Pizzaballa-ի ու քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կրօնապետերունը։

Պատգամին մէջ եկեղեցապետերը կը գրեն. ''աշխարհը կարիքը ունի կամուրջներ կառուցանելու։ Բոլորին յոյսն է արդար խաղաղութեան հաստատումը` թէ ս. Երկրին և թէ Միջին Արեւելքին համար։ Մենք կ՝աղօթենք որպէսզի յարութեան լոյսը կարողանայ փայլիլ, շողշողալ բոլոր այդ վայրերուն մէջ, ու բանայ համայն աշխարհի աչքերը ու սիրտերը, այս իրականութեան առջեւ։ Յարութեան ուրախ լուրը յատուկ նշանակութիւն պէտք է ունենայ ս. Երկրի բնակիչներու համար։ Երուսաղէմ քաղաքը` որպէս Յարութեան քաղաք, պէտք է ըլլայ յոյսի քաղաք, ս. Երկրին համար ու համայն աշխարհի համար։ Այսօրուայ մեր յոյսն է արդար խաղաղութիւնը ս. Երկրի բոլոր բնակիչներուն համար ու Միջին Արեւելքի բնակիչներուն համար։ Երուսաղէմ քաղաքը արժանի է ապրելու խաղաղութեամբ։''








All the contents on this site are copyrighted ©.