2016-03-30 09:33:00

Յինանց շրջան և Համբարձում Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի


Զատկէն մինչեւ Հոգեգալուստ յիսուն օրերու միջոցը կը կոչուի Յինունք, այսինքն՝ յիսուն օր: Զատկէն մինչեւ Հոգեգալուստ յիսուն օրերու տօները ամբողջովին տէրունի տօներ են՝ ի պատիւ Յարութեան, իսկ վերջին տասը օրերը՝ ի պատիւ Համբարձման, ապա վերջին յիսուներորդ օրը Հոգւոյն Սրբոյ Գալստեան: Յինանց յիսուն օրերուն ընթացքին՝ պահքի օրեր չեն նշանակուած: Ըստ մեր Եկեղեցւոյ ծիսակարգին, Ս. Յարութեան տօնէն ետք մինչեւ Հոգեգալուստ՝ յաջորդաբար կը կարդացուին չորս Աւետարանները. առաւօտեան՝ Ղուկասի Աւետարանը, Ս. Պատարագի ընթացքին՝ Յովհաննու Աւետարանը, երեկոյեան՝ Մատթէոսի Աւետարանը, իսկ արձակման՝ Մարկոսի Աւետարանը: 
Յինունքի եօթը կիրակիները կը կոչուին հետեւեալ անուններով. Նոր Կիրակի կամ Կրկնազատիկ, Աշխարհամատրան կամ Կանաչ Կիրակի, Կարմիր Կիրակի, Երեւման Ս. Խաչ, Հինգշաբթի օրը Համբարձում, ապա Երկրորդ Ծաղկազարդ և Հոգեգալուստ: Քրիստոս՝ իր հրաշափառ յարութենէն ետք քառասուն օր երկրի վրայ մնաց և այդ ընթացքին՝ Ան երեւցաւ իր աշակերտներուն երեք առիթներով: Ս. Յարութեան տօնէն քառասուն օր յետոյ Հինգշաբթի օր մը, ինչպէս կը պատմէ մեզի Գործք Առաքելոցի հեղինակը, Ձիթենեաց լերան վրայ, մինչ շրջապատուած էր իր աշակերտներով, Յիսուս առաքեալներուն պատուէրներ ու յորդորներ տուաւ, օրհնեց բոլորը ու երկինք համբարձաւ և լուսաւոր ամպ մը եկաւ ծածկեց զայն անոնց տեսողութենէն: Մինչ աշակերտներ այլայլած երկինք կը նայէին, երկու հրեշտակներ առաքեալներուն յայտնեցին Քրիստոսի երկինք վերանալը և վերստին գալուստը: Այժմ այդ լեռը կը կոչուի Համբարձման լեռ:
Այս խորհրդական տօնը՝ Յիսուսի փառաւորեալ մարմնով երկինք բարձրանալուն ու իր Հօր՝ աջ կողմը նստելու յիշատակն է: Օրուան շարականը կը յիշատակէ Համբարձման դէպքը և կ'ակնարկէ նաեւ Ս. Հոգիի գալստեան: Համբարձման տօնը Զատիկի թուականին հետ 35 օրերու շարժականութեամբ, - Ապրիլ 30-էն մինչեւ Յունիս 3 - կը տեղափուխուի: Հակառակ որ Համբարձման տօնը Քրիստոսի աստուածութեան մեծագոյն ապացոյցներէն է, սակայն Եկեղեցին առաջին շրջանին՝ Համբարձումը առանձին չէ տօնած, այլ զայն միացուցած է Հոգեգալուստին հետ, երկու տօներուն միջեւ առնչութիւն տեսնելով, Յիսուսին երկինք համբառնալը և Ս. Հոգիին երկիր իջնելը նոյն արարքին երկու երեսները համարելով: Առանձին տօնուիլը ծագում առաւ Գ. դարուն՝ Արեւմտեան Եկեղեցիին մօտ, իսկ Արեւելեան Եկեղեցին նոյնը կատարեց Դ. դարուն, առանց նախատօնակի և առանց ութօրէքի: 








All the contents on this site are copyrighted ©.