2016-03-29 14:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի թեմի առաջնորդը


Ֆրանչիսկոս պապ շնորհաւորական ուղերձ  յղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արժանթինի եւ Չիլիի թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրատեանը` վերջինիս  հոգեւոր ծառայութեան 25-ամեակին առթիւ:

«Սիրելի’ եղբայր, հայ համայնքը կը նշէ Ձեր առաջնորդութեան 25-ամեակը: Շնորհակալական աղօթքով կը միանամ այս ուրախութեան: Թո’ղ Տէրը հատուցէ այն ամէն բարիքը, որ գործած էք եւ կը շարունակէք գործել: Շնորհակալ եմ Աստուծոյ Ձեր ծառայութեան համար եւ կ’աղօթեմ, որ այն շարունակէ արգասաբեր ըլլալ: Եւ կը խնդրեմ, որ յիշէք զիս Ձեր աղօթքներուն մէջ: Կը խնդրեմ փոխանցէք իմ ողջոյնները հայ համայնքի սիրելի ներկայացուցիչներուն»,- գրած է Ֆրանչիսկոս պապը:








All the contents on this site are copyrighted ©.