2016-03-29 10:45:00

Քահանայապետական տան կառավարիչին մամլոյ ելոյթը ''BenEssere'' շաբաթաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյն` կառավարիչը քահանայապետական տան ու Պենետիկտոս ԺԶ-րդ վաստակաւոր Քահանայապետի քարտուղարը, իտալական ''BenEssere'' շաբաթաթերթին հետ ունեցած ելոյթով, վերակոչեց 21 տարիներու համագործակցութիւնը վաստակաւոր Պապին հետ։

''Յառաջիկայ Ապրիլ ամսուայ ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ-րդ կը լրացնէ 89-րդ ամեակը'' ըսաւ գերապայծառ Կէյնզուէյն, յայտնելով թէ ''Ան մոմի նման կամաց կամաց կը հալի, ամենայն անդորրութեամբ''։

''Նկարագրով շահագրգիռ, սրամիտ ու կատակասէր` վաստակաւոր Քահանայապետը, խաղաղօրէն կ՝ապրի Աստուծոյ հետ, ինքնիրեն ու աշխարհի հետ'' յայտնած է ապա Գերապայծառ Կէյնզուէյն։

Նշենք թէ Գերապայծառ Կէորկ Կէյնզուէյնը եզակի իրականութիւն մըն է եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ, քանի Ան կը համագործակցի երկու Քահանայապետերու հետ միանգամայն։ Երկու Քահանայապետեր` որոնք նկարագրով ու անձնականութեամբ իրարմէ տարբեր են։

''Ինծի համար  ֆրանչիսկոս Պապին հետ ապրիլը ճշմարիտ խթան մըն է, Ան միշտ կը փնտռէ ֆիզիկական շփում ու հանդիպում, մինչ Պենետիկտոս ԺԶ աւելի վերապահ է եւ կը նախընտրէ խօսքի շփումը'' ըսած է գերապայծառ Կէյնզուէյն հաստատելով թէ '' Անոնք ունին երկու տարբեր անձնաւորութիւններ, սակայն երկուքն ալ հարազատ ու ճշմարիտ են''։

''Ներկայիս ի՞նչպէս է Պենետիկտոս Պապը'' հարցումին գերապայծառ Կէյնզուէյն կը պատասխանէ. ''Տարիք առած մարդ մըն է, սակայն շատ լուսամիտ ու արթուն, դժուարութեամբ կը քալէ։ Թղթակցութիւնը պահած է, սակայն գիրք չի գրեր եւ կը բաւականանայ իր քարտուղարուհիին գրել տալու նամակներ։ Ճգնաւորի կեանք մը կ՝ապրի, սակայն ոչ առանձնացած. Ան կ՝աղօթէ, կը կարդայ, երաժշտութիւն կ՝անսայ, այցելութիւններ կ՝ընդունի եւ ինչպէս անցեալին կը շարունակէ դաշնակ նուագել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.