2016-03-29 10:26:00

Վեց տարիներու պատերազմէն ետք Զատկուայ յոյսը Սուրիոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Վեց տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ ս. Զատիկը կը տօնախմբուի պատերազմի մթնոլորտի մէջ, թէեւ այս տարի կարծես փապուղիի վերջը կը նշմարուի, եւ հորիզոնին վրայ կը տեսնուին յուսադրող նշաններ'' - ըսած է Սուրիոյ մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Զենարի, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, աւելցնելով թէ ''այդ նշաններէն մէկը այն է` որ Սուրիոյ կարգ մը վայրերուն մէջ հրադադար հաստատուած է։ Երեք շաբաթէ ի վեր, ռումբերու պայթումները դադրած են, մարդասիրական օգնութիւնները սկսած են բաժնուիլ, նոյնիսկ դժուար հասանելի վայրերուն մէջ''։

Գերապայծառ Զենարի ապա  ընդգծած է Ժընեւի կլոր սեղանի գործընթացի կարեւորութիւնը, ուր ջանք կը թափուի քաղաքական լուծում գտնել Սուրիական հարցին։ ''Երկու խումբերը` կառավարութիւնն ու ընդդիմադիրները, գիտակից են թէ քաղաքական լուծումէն զատ այլ լուծում չկայ'' յայտնած է Գերապայծառ Զենարի, ակնարկելով ապա  Քրիստոնեաներու Սուրբ Զատկուայ տօնին որ  ''տակաւին յատկանշուած է վէրքով ու տառապանքով''։

''Բոլոր սուրիացիները կ՛ապրին Աւագ ուրբաթը, վեց տարիներու Աւագ ուրբաթ մը, որ շատ ծանր խաչ մըն է։ Բաւ է մտաբերել այն անհամար զոհերը։ Տասը հազար մանուկներու սպանութիւնը'' ըսած է գերապայծառ Զենարի, հուսկ անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին, ուղղուած քրիստոնեայ աշխարհին, աղօթելու ու յուսալու որ վերջ տրուի սուրիացիներու այդ Աւագ Ուրբաթին, ու անոնց խաչը դառնայ թեթեւ և շուտով հասնի Յարութեան օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.