2016-03-29 09:51:00

Սպիտակ տան վրայ կրակոցներ արձակուած են


Երկուշաբթի, 28 մարտի երեկոյեան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան «այցելուներ»-ու բաժինին վրայ կրակոցներ արձակուած են: Աւելի ուշ, ամերիկեան ոստիկանութիւնը Սպիտակ տան պաշտօնեաներէն պահանջած է, որ մնան իրենց գրասենեակներուն մէջ` մինչեւ հարցին պարզաբանումը: Քիչ անց ոստիկանութիւնը յայտարարած է, թէ գործողութիւնը հասած է իր աւարտին եւ ձերբակալուած է անձ մը, որ, ըստ ոստիկանութեան, Սպիտակ տան պահակներուն հետ «վայրագութեամբ» վարուելէ ետք կրակոցներ արձակած է անոնց ուղղութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.