2016-03-29 10:20:00

՝՝Յիսուս Քրիստոս գլորէ Լիբանանի եւ միջին արեւելքի սրտերը ծանրացնող քարը՝՝Ռայի Պատրիարք


Ս. Զատկուան Առիթով. «Հանրապետութեան Նախագահին Բացակայութիւնը Լիբանանը Կրնայ Վերածել Գաղթականներու Բնակեցման Տարածքի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան առիթով Պքերքէի մէջ նախագահած պատարագին ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Յիսուս Քրիստոս գլորէ Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ Միջին Արեւելքի սրտերը ծանրացնող քարը, ինչպէս նաեւ լուծում մը գտնուի նախագահական ընտրութեան:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ լիբանանեան ներքին միասնականութեան քանդումին, միջազգային առումով Լիբանանի օրինական դիրքին խախտումին, ինչպէս նաեւ Լիբանանը կրնայ վերածուիլ գաղթականներու բնակեցման տարածքի:

«Այս մասին մենք խորհրդակցեցանք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ, կոչ ուղղեցինք անոր լուծելու Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն հարցը, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապները, որպէսզի Լիբանան հասած այդ երկիրներուն քաղաքացիները իրենց կարգին վերադառնան իրենց բնակարանները: Քի Մունի հետ մեր հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք, որ Լիբանան պաշտօնապէս եւ ժողովրդային մակարդակի վրայ կը մերժէ, որ գաղթականներուն տունդարձը անոնց կամքին ձգուի», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:Ս. Զատկուան տօնին առիթով Ռայի պատրիարքը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայէն, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանէն եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիէն:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Ֆրանսայի համար մատուցուած տարեկան պատարագին, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնի:

Պատարագին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ պատմական յարաբերութիւնները` մաղթելով, որ Ֆրանսա մնայ խաղաղութեան ջատագովը:








All the contents on this site are copyrighted ©.