2016-03-26 21:57:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցի պատարագին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 26 մարտ 2016-ին, Աւագ Շաբաթ է.  Երեկոյեան ժամը 8,30ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց 12 չափահասներու (8 կին եւ 4 այր մարդ) եկած Իտալիայէն, Ալպանիաղէն.Քամերունէն, Քորէաէն, Հնդկաստանէն եւ Չինաստանէն։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ  Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացնելով սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, մատնանշեց Սուրբ Պետրոսին, որ կը փութայ դէպի Յիսուսի գերեզմանը, որովհետեւ չհաւատաց կիներու այն վկայութեան թէ ''գերեզմանը դատարկ էր''։

Պետրոս փութաց գերեզման (Ղուկ 24,12)։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ո՞վ գիտէ ինչ մտածումներ կային անոր մտքին մէջ, այդ ուղեւորութեան ընթացքին։ Սուրբ Պետրոսի սրտին մէջ կային կասկածներ ու ժխտական մտածումներ ու տխրութիւն` սիրեցեալ Վարդապետի մահուան համար, ինչպէս նաեւ հիասթափութիւն` զայն երեք անգամ ուրացած ըլլալուն համար։ Կայ սակայն անցուդարձային յատուկ իրականութիւն մը եւս, Պետրոս լսելէ ետք կիներու վկայութիւնը ոտքի կ՛ելլէ։ Լռելեան ու փակումի մէջ չի մնար, միւսներու նման։ Վախի ու տխրութեան մթնոլորտին թալաններուն չ՛ենթարկուիր։ Կ՛երթայ փնտռելու Յիսուսը­, ու կը նախընտրէ հանդիպումի ու վստահութեան ճանապարհը, ընդանալով դէպի գերեզման, որտեղէն կը վերադառնայ բոլորովին զարմացած։

''Ահա այս է Պետրոսի յարութեան սկիզբը, անոր սրտի յարութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը­, ընդգծելով թէ Ան (Պետրոս) չի զիջեցաւ տխրութեան ու խաւարին, այլ տեղ տուաւ յոյսի ձայնին ու թոյլ տուաւ որ Աստուծոյ լոյսը մտնէ իր սրտին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց կիներուն, որոնք իրենց կարգին կը քալէին երկիւղով,­ իրենց երեսը դէպի գետն խոնարհեցուցած, երբ երկու շողշողուն զգեստներով մարդիկ անոնց ըսին. ''Ինչո՞ւ ողջ մարդը կը փնտռէք մեռելներու մէջ. Հոս չէ, յարութիւն առաւ''։

Մենք եւս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, Պետրոսի ու կիներու նման, չենք կրնար տխրութեան ու առանց յոյսի կեանք մը ապրիլ։ Մենք մեր մէջ բանտարկուած չմնանք, այլ Տիրոջ բանանք մեր փակուած գերեզմանները, որպէսզի Ան մուտք գործէ ու մեզի կեանք պարգեւէ։ Թող Տէրը մեզ ազատէ առանց յոյսի քրիստոնեաներ ըլլալու թակարդէն, որոնք կ՛ապրին կարծես թէ Տէրը Յարութիւն առած չըլլար, ու կարծես թէ մեր կեանքի կեդրոնը ըլլային միայն հարցեր'' ըսաւ ապա Քահանայապետը  ու խրախուսեց  ''Թոյլ չտալ որ խաւարն ու վախը մեր սրտերու վրայ տիրանան, այլ ունկնդրենք Հրեշտակին աւետիսը. ''Տէրը հոս չէ Յարութիւն առաւ''։ Ան մեր ամենամեծ ուրախութիւնն է, միշտ մեր մօտն է ու մեզ երբեք յուսախաբ չի թողուր։

Այս է մեր յոյսին հիմքը, որ պարզ լաւատեսութիւն մը չէ, այլ պարգեւ մըն է, շնորհուած Աստուծմէ, երբ մենք մեզմէ դուրս կ՛ելլենք ու կը բացուինք Անոր։ Տէրը կենդանի է եւ կ՛ուզէ որ զԻնք փնտռենք ողջերու մէջ։ Անոր հանդիպելէ ետք մեզմէ իւրաքանչիւրը Անորմէ կ՛առաքուի հռչակելու Զատկուայ պատգամը եւ յարուցելու յոյս` տխրութեամբ թանձրացած սրտերուն մէջ, ու անոնց որոնք դժուարութիւն ունին գտնելու կեանքի լոյսը - ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ դիտել տուաւ թէ ''Որպէս յոյսի ուրախ ծառաներ մենք կանչուած ենք հռչակելու Յարուցեալը` կեանքով եւ սիրով, ապա թէ ոչ կը դառնանք միջազգային կազմակերպութիւն մը. որ ունի բազմաթիւ հետեւորդներ ու բարի օրէնքներ, սակայն անկարող է ներշնչել յոյս` որուն ծարաւն ունի աշխարհը''։

Սրբազան Քահանայապետը  ապա հաստատեց թէ այդ յոյսը սնուցանելու ենք Աստուծոյ խօսքով։ ''Յիշելով Աստուծոյ Խօսքերն ու Անոր գործերը որպէսզի չկորսնցնենք յոյսը։ Ըլլանք առաւօտեան պահապանները, որոնք գիտեն ճանչնալ Յարուցեալին նշանները'' հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց ըսելով. ''Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Քրիստոս Յարեաւ։ Բացուինք յոյսին ու սկիզբ տանք ուղեւորութեան. Անոր գործերուն ու խօսքերուն յիշատակը, ըլլան պայծառ լոյս որ կ՛ուղղէ մեր քայլերը վստահութեան մէջ, դէպի անվերջ Զատիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.