2016-03-26 09:39:00

Սինկափուրի մէջ աւելի քան 1.100 երիտասարդներ մկրտութեան խորհուրդը կը ստանան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սինկափուրը ասիայի հարաւ-արեւելքի ամենէն բեղուն երկիրը կը նկատուի քրիստոնէական հաւատքին համար։ Սուրբ Զատկուան տօնին առթիւ աւելի քան 1.100 երախաներ պիտի ստանան սուրբ մկրտութեան խորհուրդը ։

Տեղւոյն առաջնորդը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ոչ թէ քրիստոնեաներու թիւին աճումին համար այլ որովհետեւ Աւետարանի ողորմութեան պատգամը մեծ ընդունելութիւն գտած է ու կը տարածուի։ Սինկափուրի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը հաշուէ 196 հազար հաւատացեալ։ Քրիստոնէութիւնը միակ կրօնն է որ աճում կ՛արձանագրէ այդ հողին վրայ։ Երախաները (մկրտութեան թեկնածուները) մէկ տարուայ պատրաստութիւն տեսան հետեւելու քրիստոնէական կրօնուսուցումի դասընթացքներուն։ Նշենք որ Սինկափուրի առաջին եկեղեցին կառուցուած է հայ վաճառականէ մը։ Այդ եկեղեցին մինչեւ օրս կը գործէ և բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կու գան այցելութեան` որպէս Սինկափուրի առաջին քրիստոնեայ եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.