2016-03-26 09:22:00

Սաքօ Պատրիարք. Քրիստոս կը քաջալերէ մեզ կառչած մնալու մեր պապենական հողին։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Քրիստոս մեռաւ ու յարութեան առաւ, ասիկա յոյսի նշան է, քաջալերանք մըն է, հաստատ մնալու մեր հողերուն վրայ, ուր քրիստոնեաները կանչուած են ըլլալու լոյսի ու յոյսի տիպար, հաւատարիմ Իրաքեան ընտանիքին՝՝ գրած է Քաղդէացի Եկեղեցւոյ`Լուիս Սաքօ պատրիարքը Սուրբ Զատկուայ առթիւ յղած իր պատգամին մէջ որուն մէջ ապա յոյսի նշոյլներ կը նշմարէ. ''մաս կը կազմենք ազգի մը որ տակաւին բաժնուած է, տխուր տեսարան մը,  սակայն լիայոյս ենք որ մեր հայրենիքը պիտի վերագտնէ իր միութիւնը։ Օգնենք մեր ազգին կլոր սեղանին շուրջ նստելու ու յանձնառումով բանակցելու ազգային ճշմարիտ հաշտութեան համար կը գրէ ապա Սաքօ Պատրիարքը հրաւէր ուղղելով մահմետականներուն, եազիտիներուն ու քրիստոնեաներուն, ձեռք ձեռքի տուած, բոլորին հայրենիքը մահէն փրկելու։

Պատրիարքը հուսկ հրաւէր կ՝ուղղէ հայրենիքէն չհեռանալու դեղադրելով ըլլալ  ''իմաստուն ու համբերատար''։

''Այս հողին վրայ ապրեցանք աւելի քան 1.400 տարիներ, մահմետականներու հետ միասին կազմելով մէկ մշակոյթ։ Կը հրաւիրեմ ձեզ ապրելու ձեր քրիստոնէական հաւատքը,­ նմանելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, ու մեր հայրենակիցներուն համար ըլլալու

լոյսի ու յոյսի տիպար'' կը յորդորէ Քաղդէացի Եկեղեցւոյ հովուապետը Սուրբ Զատկուայ առթիւ յղած իր պատգամին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.