2016-03-26 09:45:00

Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Զատկուան Պատգամը- Քրիստոսի Յարութեան Նշանակութիւնը


Ս. Զատիկը քրիստոնեայ աշխարհին ամենանշանակալից տօնն է: Մեծ տօն մըն է ան, յոյսի, յաղթանակի եւ ցնծութեան օր մը: Անոր նշանակութիւնը կը պարփակուի հետեւեալ ճշմարտութեանց մէջ.

Առաջին՝ Քրիստոսի յարութիւնը հաւաստիքն է յաւիտենական կեանքի:

Քրիստոնեայ եկեղեցին Քրիստոսի յարութեամբ կը շեփորէ յաւիտենական կեանքի յոյսը: Դարեր առաջ Յոբ, բոլոր ժամանակներու մարդոց միտքը զբաղեցնող դասական հարցումը կը հարցնէր. «Եթէ մարդ մեռնի, արդեօք դարձեալ պիտի ապրի՞»: Այս հարցումին քրիստոնեայ եկեղեցին կը պատասխանէ. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»: Յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսի հաստատակամ պատգամը այն է, թէ Ինքն է «յարութիւնն ու կեանքը, ան որ Անոր հաւատայ թէեւ մեռնի՝ դարձեալ պիտի ապրի»:

Արդարեւ, ամէն լիիրաւ քրիստոնեայ հաստատ գիտէ, թէ կեանքը աստենական չէ միայն, այլ անդենական է: Ան գիտէ, թէ իրեն համար պահուած է «կեանք մը ետի», որովհետեւ իր Տէրը յարութիւն առած է եւ կ՛ապրի յաւէտ, ինքն ալ պիտի ապրի անվերջ եւ անվախճան՝ Անոր հետ:

Ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայի անխախտ հաւատքը այն է, թէ իր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս Իր յաղթական յարութեամբ փշրած է մահուան ու գերեզմանի շղթաները, որոնց երբեմնի անյոյս գերին եղած էր ինք որպէս մեղաւոր մարդ: Եւ այն ահաւոր թշնամին, որ մահ կը կոչուի, յաղթահարուած է, որովհետեւ, ինչպէս Առաքեալը կը գրէ. «Քրիստոս Իր մահուամբ մահը խափանեց եւ Իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց»:

Այսպէսով, Յիսուս Իր հրաշափառ յարութեամբ լուսաւոր կեանքի մը արշալոյսը բացաւ մեղաւոր եւ յուսահատ մարդկութեան առջեւ, որ կը սրտապնդէ մարդ արարածը յաւիտենական կեանքի երջանիկ յոյսով:

Երկրորդ՝ Քրիստոսի յարութիւնը հաւատք եւ վստահութիւն կը ներշնչէ քրիստոնեային՝ ամէնօրեայ յաղթական կեանք ապրելու:

Քրիստոսի յարութիւնը ոչ միայն հանդերձեալ կեանքի հաւաստիքն է, այլ նաեւ այս աշխարհի մէջ յաղթական կեանք ապրելու երաշխիքը: Յարուցեալ եւ յաղթական Քրիստոս Իրեն ճշմարիտ հետեւորդներուն այս երկրի վրայ յաղթական կեանք ապրելու շնորհքը կ՛ընծայէ:

Յարուցեալ Քրիստոս տարերային թափով Իր աշակերտներուն եւ հետեւորդներուն կեանքն ու աշխարհայեացքը հիմնովին յեղաշրջեց: Այսպէս, անոնք որոնք Իր խաչելութեան վաղորդայնին յուսալքուած, բարոյալքուած եւ ահ ու դողի մատնուած էին, յանկարծ Քրիստոսի յարութենէն ետք բոլորովին փոխուած, հաւատքով ու վճռակամութեամբ տոգորուած՝ Քրիստոսի արիասիրտ ու աննահանջ զինուորները եւ անոր բերած սիրոյ եւ փրկութեան Աւետարանին ջահակիրները դարձան:  Յարուցեալ Քրիստոսի հոգեկան ներկայութիւնը կազդոյրի, յոյսի եւ յաղթանակի նոր հեռանկարներ բացաւ անոնց կեանքի հորիզոններուն վրայ:

Դարերու ընթացքին, յարուցեալ Քրիստոսի կենսատու եւ կազդուրիչ ներկայութիւնը դարձած է ամէնօրեայ փորձառութիւն անոնց, որոնք ճանչցած են զԱյն իբրեւ իրենց Տէրն ու Փրկիչը: Յարուցեալ եւ յաւէտ յաղթական Քրիստոսի ներգործութիւնը՝ Իրեն հաւատացողներու կեանքին մէջ դարձած է հզօր ուժամղիչ մը, որուն շնորհիւ անոնք կրցած են կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւնները, մարտահրաւէրներն ու հարուածները դիմագրաւել հաւատքով եւ քաջութեամբ: Քրիստոսի լուռ, բայց ազդու ձայնը. «Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ես ձեզի հետ եմ միշտ», սրտապինդ եւ քաջարի ոգի պարգեւած է Իրեն հաղորդակից բոլոր քրիստոնեաներուն:

Անոնք ալ իրենց կեանքի այլեւայլ ելեւէջներուն մէջ իսկ, Պօղոս առաքեալի նման, կրցած են ըսել. «Գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»:

Փա՜ռք յարուցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի: Ամէն:

 

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Գործադիր Տնօրէն՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի








All the contents on this site are copyrighted ©.