2016-03-26 12:04:00

Խաչը կը յայտնէ թէ ոչ մի բան կարող է յաղթել Աստուծոյ սիրոյն. Ֆրանչիսկոս Պապ.


(Ռատիօ Վատիկան) Աւագ Ուրբաթ օրուայ գլխաւորած ճանապարհ խաչի աւանդական արարողութեան աւարտին, Հռոմի  ''Քոլլոսեումի'' աշխարհահռչակ ամփիթատրոնի տարածքին, Նորին Սրբութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապը  աղօթք մը արտասանեց, որուն մէջ հրաւէր ուղղեց դիտել Քրիստոսի Խաչին, որպէս ''հալածանքի կախաղան'' ապա որպէս ''յաղթութեան նշան''։

Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքին մէջ մատնանշեց աշխարհը յուզող ցաւերուն, ինչպէս` անբարոյականութիւնը ու մարդուն եսասիրութիւնը, միաժամանակ ի յայտ դնելով նաեւ մարդկութեան բարի դիմագիծը։

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը եղաւ յաջորդական աղերսներու շարք մը,  որոնց մէջ Քահանայապետը խտացուց ժամանակակից մարդուն հեղինակած չարն ու բարին։ Խաչը` որուն վրայ Յիսուս խաչուեցաւ, խորհրդանիշն է Աստուածային սիրոյն ու միաժամանակ մարդու անարդարութեան, սրբապատկերն է` սիրոյ գերագոյն զոհաբերումին ու յիմարութեան եսասիրութեան ծայրայեղութեան։ 

''Ով Քրիստոսի Խաչ, այսօր եւս քեզ կը տեսնենք մեր այն քորերուն եւ եղբայրներուն մէջ, սպաննուած, ողջ ողջ հրկիզուած, մորթուած եւ գլխատուած, բարբարոսական սուրերով եւ երկչոտութեան լռութեամբ...Ով քրիստոսի Խաչ, այսօր եւս քեզ կը տեսնենք բառերու եւ ոչ թէ Հոգւոյն վարդապետներու մէջ, մահուան եւ ոչ թէ կեանքին մէջ, որոնք ողորմութիւն ու կեանք դաստիարակելու փոխարէն, կը սպառնան պատիժ ու մահ եւ կը դատապարտեն արդարը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքի ընթացքին մատնանշելով թէ ''Խաչեր են նաեւ ծայրայեղականութիւնն ու ահաբեկչութիւնը, այն կրօններուն հետեւորդները` որոնք Աստուծոյ անունը կը պղծեն ու զայն կ՛օգտագործեն արդարացնելու համար իրենց անասելի բռնութիւնները։ Զինավաճառութիւնը, գողութիւնն ու կաշառակերութիւնը, ծերունիներու առանձնութիւնը, անկարներու անտեսութիւնը ու ''հասարակաց Տան '' կործանումը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց անսահման սիրոյ նշաններուն. ''Ով Քրիստոսի Խաչ, քեզ կը տեսնենք այսօր, նուիրեալ անձերու դէմքերուն մէջ, բարի սամարացիներ, որոնք ամէն ինչ կը թողուն, Աւետարանի լռութեան մէջ խնամելու համար աղքատութեան եւ անարդարութեան վէրքերը... Ով Քրիստոսի Խաչ, քեզ կը տեսնենք այսօր ընտանիքներուն մէջ, որոնք հաւատարմութեամբ ու պտղաբերութեամբ կ՛ապրին իրենց ամուսնական կոչումը։ Ապա պարզ մարդոց մէջ` որոնք ուրախութեամբ կ՛ապրին իրենց առօրեայ հաւատքը, կամաւորներուն մէջ որոնք վեհանձնութեամբ կը ծառայեն կարիքաւորներուն։

Խաչը ցոյց կու տայ ''Աստուած որ կը սիրէ անսահման օրէն'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւէր ուղղեց ''դիմելու անոր, որպէսզի մեզի սորվեցնէ թէ ''Արեւածագը աւելի հզօր է գիշերուան մթութենէն'' եւ թէ ''Չարին ժամանակաւոր յաղթանակը կ՛անհետանայ պարապ գերեզմանին դիմաց'', որովհետեւ ոչ մէկ բան կարող է յաղթել, մթագնել կամ տկարացնել Աստուծոյ անհուն սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.