2016-03-26 09:29:00

Զատկուայ տօնին առթիւ Կազայի քրիստոնեայ պաղեստինցիներուն արտօնուած է Երուսաղէմ այցելել։


(Ռատիօ Վատիկան) Իսրայէլեան կառավարութիւնը առաջին անգամուան համար արտօնած է Կազայի կաթողիկէ ժողովրդապետին, անցագիր պատրաստել Կազայի քրիստոնեայ երիտասարդներուն, Երուսաղէմը այցելելու համար ս. Զատկուան տօնին առթիւ։

Վերջերս AsiaNews լրատու գործակալութիւնը ելոյթ ունեցած է երուսաղէմի Քարիդասի տնօրէն՝ հայր Raed Abusahlia-ի հետ։ Ան որակած է Կազայի գօտին` որպէս աշխարհի ամենամեծ բաց բանտը, ուր կ՝ապրին երկու միլիոն անհատներ, ներառեալ 350 քրիստոնեայ ընտանիքներ, զրկուած ամէն բանէ։ 890 դիմումնագիրի վրայ իսրայէլեան կառավարութիւնը ընդունեցաւ 845ը, անոնցմէ ոմանք 8 տարիէ իրաւունք չեն ունեցած Կազայէն հեռանալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.