2016-03-26 21:31:00

Արհիապատիւ Գրիգոր Եպ. Գուսանի պատգամը, Ս. Զատկի Տօնին առթիւ։


Յիսուսի Յարութիւնը արդարութեան եւ սիրոյ յաղթանակն է

Սիրեցեալ քահանաներ ու կրօնաւորուհիներ, հայ կաթողիկէ ու համայն եկեղեցւոյ հաւատացեալներ,

Այսօր  համայն աշխարհի հաւատացեալներուն հետ մեծ ուրախութեամբ  եւ հրճուանքով կ’ըսենք “Քրիստոս Յարեաւ  ի մեռելոց, իր մահովը կոխեց մահուան, եւ իր Յարութեամբ` մեզի յաւիտենական կեանք պարգեւեց,  Ամէն։

Յիսուս իր Յարութեամբը չարչարանքէն ու մահէն ետք դարձաւ  հիմը՝ մեր հաւատքին եւ պատճառ՝ մեր ուրախութեան.

Քրիստոս մեռաւ եւ Յարութիւն առաւ. ան մեռաւ մեր մեղքերուն պատճառաւ ու Անոր Յարութեամբը մենք վերագտանք մեր կեանքը։

Այսօր կը հրաւիրենք ձեզ, մտածելու`Յարութեան մեծ խորհուրդին մասին, ձեր աչքին առջեւ ունենալով Յարութեան դէպքը, ինչպէս  կը հաստատեն Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերը.

Գործք Առաքելոցին մէջ  կը կարդանք Պետրոսի այս խօսքը.  ''Ով  Իսրայէլացիներ, լսեցէք այս խօսքերը. Յիսուս Նազովրեցին, այս մարդը որ Աստուծմէ յայտնուեցաւ ձեզի, զօրութիւններով, հրաշքներով  եւ նշաններով զորս Աստուած գործեց անոր ձեռքով, ինչպէս դուք ամէնքդ գիտէք, Աստուծոյ սահմանած խորհուրդին եւ կանխագիտութեան համաձայն`  մատնուեցաւ եւ դուք  բռնեցիք զինք ու բեւեռեցիք խաչին վրայ̓ անօրէններու ձեռքով։ Աստուած սակայն անոր յարութիւն տուաւ, լուծելով մահուան կապանքները, որովհետեւ կարելի իսկ չէր  որ ան մնար բռնուած մահուան իշխանութեան տակ...Արդ Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդը թող իմանայ ճշմարտութեամբ. Աստուած` Տէր եւ Օծեալ ըրաւ այն Յիսուսը  զոր դուք խաչեցիք''։

Ազգերու առաքեալը`  աստուածաբան Ս. Պօղոս,  Կորընթացիներուն ուղղած Ա. թուղթին մէջ հաստատելով Քրիստոսի Յարութիւնը մեռելներէն,  կ՛ըսէ. <<քանի որ ձեզի քարոզուեցաւ  թէ Քրիստոս յարութիւն առած է, ձեզմէ ոմանք ինչպէս կը համարձակին ըսել թէ մեռելներու յարութիւն չկայ։ Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ ուրեմն Քրիստոս ալ Յարութիւն  չառաւ։ Եթէ Քրիստոս Յարութիւն չառաւ`  մեր քարոզութիւնը ընդունայն է եւ ընդունայն է  նաեւ ձեր հաւատքը.... Եթէ Քրիստոս Յարութիւն չառաւ`  ուրեմն ի  զուր է ձեր հաւատքը եւ դուք տակաւին կը մնաք մեղքերու մէջ''։

''Մահ եւ յարութիւն'' Ս Պօղոսի ուսուցման համաձայն, չի նշանակեր միայն մարմնի  մահը, այլ նաեւ`  մահէն ետք յարութիւնը անոր։ Ադամ պատճառ դարձաւ մարդու մահուան,  իսկ Յիսուս Փրկիչ պարգեւեց մարդուն կեանք եւ յարութիւն։ 

Ս. Պետրոս առաքեալին հետ  մենք կը խոստովանինք թէ Յիսուս Քրիստոս Փրկիչ է։ Ս. Պօղոսին հետ,  կը հաւատանք որ Քրիստոս  երկրորդ Ադամն է  որ նոր մարդկութեան համար նոր կեանքի հիմը դրաւ. ‘'Եւ Բանն մարմին առաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, ու մենք տեսանք անոր փառքը զոր կ̓ընդունի Հօրմէն, իբրեւ Միածին Որդի, լի շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ'' ։

Իր  պատգամին մէջ, Արհիապատիւ  գերապայծառը կը խօսի նաեւ  Յարութեան պարգեւներուն մասին. որ մեր սրտերուն մէջ կը վերանորոգէ  սէրը, գութը եւ բարեգործութիւնները ինչպէս նաեւ հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Այս օրերուն, համայն աշխարհը դժուար պահեր կ՛ապրի ու մարդիկ զանազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն. աղօթենք հաւատքով  որ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը հաստատուի աշխարհի ամէն կողմերը։   Միութիւնը, սէրը, կարեկցութիւնը աղքատին ու չքաւորին հանդէպ,  մեզի կու տայ ուժը կերտելու աւելի լաւ ու բարի ապագայ մը։

Խաղաղութիւնս կուտամ ձեզի, Խաղաղութիւնս կը պարգեւեմ ձեզի ըսաւ Յիսուս, յորդորելով  Սէր. ՜՜Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ  սիրեցի...՜՜ ̓Քրիստոսի  Յարութիւնը  միշտ  ճշմարտութեան յարութիւնն է  չենք վախնար զայն կորսնցնելէ, Քրիստոսի յաղթանակը  ճշմարիտ սիրոյ ու զոհողութեան  յաղթանակն է։

Թող Յարուցեալ Քրիստոսի Սէրը,կ՛եզրափակէ Արհի. Գրիգոր եպ. Գուսան Զատկական իր պատգամը, մնայ միշտ ձեր սրտերուն մէջ, ու հաշտութեան, խաղաղութեան, բարեգթութեան Աստուածը միշտ ձեզի հետ ըլլայ, պարգեւելով ձեզի իր առատ շնորհքն ու օրհնութիւնները...

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.