2016-03-25 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ոտնլուայի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 24 մարտ 2016-ին  յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Քասթելնովօ Տի Փորթօ շրջանի մէջ գտնուող փախստականներու կեդրոնին մէջ կատարեց Աւագ Հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի արարողութիւնը, եւ այս առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ կարեւորելով  ժեսթերուն իմաստը ըսաւ ՝՝ժեսթերը աւելի խօսուն են քան խօսքերն ու պատկերները՝՝ ու մատնանշեց Յիսուսի վերջին ընթրիքի պահուն երկու ժեսթերուն` առաքեալներուն ոտքերը լուացումը եւ Յուդայի դաւաճանութիւնը։

Յիսուս որ կը ծառայէ եւ առաքեալներուն  ոտքերը կը լուայ` Յիսուս որ պետն էր կը լուայ ուրիշներու ոտքերը մինչ  Յուդան կը փութայ Յիսուսի թշնամիներու մօտ , անոնք որոնք չեն ուզեր խաղաղութիւն հաստատել Յիսուսին հետ անոնցմէ 30 դահեկան ստանալու համար։

Այսօր եւս կան երկու ժեսթեր ըսաւ Քահանայապետը առաջինը այս է ` ամէնքս, միասին. Մահմետական , Ինտու, Կաթողիկէ , Պղտի, Փոխկական`  սակայն միեւնոյն Աստուծոյ զաւակներ կ՝ուզենք ապրիլ  խաղաղութեան մէջ։Իսկ երկրորդ  ժեսթր՝ կը հայի երեք օր առաջ տեղի ունեցող պատերազմի ժեսթին` Եւրոպայի մէկ քաղաքի քանդումին, մարդոց որոնք խաղաղութեան մէջ չեն ուզեր ապրիլ։  Այս ժեսթին ետեւ սակայն, այնպէս ինչպէս Յուդայի ժեսթին ետին, կան ուրիշներ։ Կան զէնքեր  արտադրող ու վաճառող մարդիկ,  որոնք արիւն կ՛ուզեն եւ ոչ խաղաղութիւն, պատերազմ կ՛ուզեն եւ ոչ եղբայրութիւն ։

Ահաւասիկ երկու ժեսթեր մին՝ Յիսուս կը լուայ  աշակերտներուն  ոտքերը  մինչ  Յուդան  դրամի համար կը դաւաճանէ Յիսուսը։

Մենք կողմէն, դուք, մենք, ամէնքս միասին, տարբեր կրօններ, տարբեր մշակոյթներ, սակայն միեւնոյն Աստուծոյ զաւակները մինչ այդ խեղճերը զէնքեր կը վաճառեն կործանելու համար եղբայրութիւնը։

Այսօր ըսաւ ապա Քահանայապետը ոտքերը լուալու ժեսթով մենք ամէնքս պիտի իրագործենք եղբայրութեան ժեսթ մը եւ ամէնքս միասին կ՝ըսենք ՝՝Տարբեր ենք իրարմէ, տարբեր կրօններու ու մշակոյթներու կը պատկանինք     ,  սակայն եղբայրներ  ենք եւ կ՝ուզենք խաղաղութեան մէջ  մէջ ապրիլ։ Ահա այս է մեր գործած ժեսթը՝ այսօր։ Մեզմէ ամէն մին ունի իւրայատուկ պատմութիւն մը, բազմաթիւ խաչեր, բազմաթիւ տառապանք, սակայն ունինք նաեւ բաց սիրտ մը որ եղբայրութիւն կը ցանկայ։

Իւրաքանչիւրս, իր կրօնային լեզուով, թող  աղօթէ Տիրոջ որպէսզի սոյն եղբայրութիւնը վարակէ համայն աշխարհը. այնպէս որ 30 դահեկանները պատճառ չդառնան եղբօր մը սպանութեան, եւ որպէսզի   աշխարհի մէջ  միշտ տիրէ եղբայրութիւնն եւ բարեացակամութիւն։Ամէն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.