2016-03-25 09:40:00

Սուրիոյ մԷջ խաղաղութիւնը վերջապէս հնարաւոր դարձած է. Մոկերինի


Սուրիոյ մէջ հրադադարի կարգը կը պահպանուի, այժմ հարկաւոր է ընդլայնել մարդասիրական օգնութեան փոխադրման ﬕջանցքները եւ հասնիլ սուրիական հիﬓախնդրի կարգաւորման քաղաքական գործընթացքին: Ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, Մարտ 24-ին La Repubblica թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին այս մասին յայտարարած Է Եւրոﬕութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինին:

«Կը կարծեմ, որ Սուրիոյ մէջ ﬕջազգային հանրակցութիւնը պէտք Է կեդրոնանայ երեք բանի վրայ: Նախ, անհրաժեշտ Է ամրապնդել զինադադարը: Հրադադարի կարգը կը պահպանուի: Ոեւէ մէկը ատոր չէր հաւատար, բայց պատահեցաւ հրաշք, որ դարձաւ աﬕսներու լարուած աշխատանքի արդիւնքը, որ ﬔնք կատարեցինք բոլորս ﬕասին»,- ըսած Է Մոկերինին: Ան ընդգած Է, որ այժմ հարկաւոր Է ընդլայնել այն տարածքները, ուր անհրաժեշտ Է մարդասիրական օգնութիւն հասցնել:

«Անհրաժեշտ Է սուրիական հակամարտութեան բոլոր կողﬔրուն համոզել` սկսելու քաղաքական գործընթացքը: Անոնք պարտաւորութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին առջեւ եւ Եւրոպայի հանդէպ»,- աւելցուցած Է ան: «Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը վերջապէս հնարաւոր դարձած է»,- յայտարարած Է Մոկերինին, հաղորդած Է ՏԱՍՍ-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.