2016-03-25 09:46:00

Ուաշինկթըն Անգարային անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ յարգելու մամլոյ ազատութիւնը։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ տեղեակ են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրին Սահմանադրական դատարանէն կը պահանջէ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի ազատ արձակման վճիռը ջնջել` նշելով, որ Ուաշինկթըն այդ հարցին կը հետեւի:

«Միացեալ Նահանգներ նախապէս թրքական իշխանութիւններուն հետ այս հարցին մասին խօսած էին` մտահոգութիւն յայտնելով երկրին մէջ մամլոյ ազատութեան նկատմամբ թրքական կառավարութեան յանձնառու չմնալուն առնչութեամբ», նշեց Թոնըր:

Ան թրքական իշխանութիւններուն անգամ մը եւս կոչ ուղղեց` յարգելու լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու իրենց աշխատանքը ազատ կերպով կատարելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ընդդիմախօսութեան եւ քննադատութեան ազատութիւնը երաշխաւորելու` թրքական սահմանադրութեան մէջ նշուած երաշխիքներուն հիմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.