2016-03-25 10:42:00

Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքը Քոլլոսեումի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 25 մարտին,  Աւագ Ուրբաթ է,  նուիրուած Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակին։ Այս առթիւ,  յետմիջօրէի ժամը 5.00ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր Տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը, խաչի պաշտամունքն ու հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը, մասնակցութեամբ Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն եւ կղերական դասին։ 

Ապա` երեկոյեան ժամը 9.15ին, Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի Հռոմի ''Քոլլոսէում''ի աշխարհածանօթ ամփիթատրոնի տարածքին, ուր կը գլխաւորէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներ եւ որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ արարողութեան մասնակցող  բոլոր հաւատացեալներուն։  

Յայտնենք թէ Ճանապարհ Խաչի այս աւանդական արարողութեան 14 կայաններու 2016-ի խորհրդածութիւնները պատրաստեց Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթիին` Փերուճա  թեմին առաջնորդը, որ խորհրդածութիւններու որպէս ամփոփ վերնագիր ընտրեց ''Աստուած ողորմած է''։ Կարդինալ Պասսեթթիի պատրաստած 14 կայաններու  խորհրդածութիւնները կը կեդրոնանան անցեալի ինչպէս նաեւ ներկայի մարդկութիւնը յուզող հարցերու շուրջ, ինչպէս`  հալածուած քրիստոնեաներու հարցը, բաժանուած ընտանիքներու հարցը, գաղթականութիւնը, մանուկներու չարաշահումը, հզօրներու ցուցամոլութիւնը, արդարութեան պակասը, հուսկ մեղքը ու սիրոյ զօրութիւնը, գործազրկութիւնը, երիտասարդներուն ապրած անապահով ու անկայուն վիճակը ։ Այս բոլորին դիմաց կայ մէկ պատասխան` Աստուծոյ Ողորմութիւնն ու սէրը, որոնք ձրի են, ընկալութիւն են, անհուն ու անսահման են։

Յիսուս կը մեռնի խաչին վրայ, կը զետեղուի գերեզմանի մը մէջ որուն մուտքին խոշոր քար մը կը զետեղուի, սակայն մահը չէ որ կ՛ունենայ իր վերջին խօսքը, որովհետեւ Երուսաղէմի այդ գերեզմանի խաւարէն, Աստուած կը ներգործէ։ Աստուած որ անհուն սէր է, նոր շնորհք մը կը պարգեւէ մարդուն եւ այդ գերեզմանի խաւարէն ահա կը ցոլայ նոր լոյս մը, նոր յոյս մը` Յարութեան լոյսն ու յոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.