2016-03-25 09:18:00

Ծառայութեան ու յարգանքի նշանով։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորս կաթողիկէ Նիճերիացիներ, երեք Ղպտի Էրիթրէացի կիներ, երեք մահմետականներ, մէկ Ինտու կրօնի պատկանող հնդիկ մը եւ իտալացի կամաւորուհի մը, ասոնք եղան Յիսուսի աշակերտները պատկերացնող տասներկու անձերը, որոնք ի յիշատակ Յիսուսի աշակերտներու ոտքերը լուացումին, իրենց կարգին լուալ տուին իրենց ոտքերը, Սուրբ Պետրոսի յաջորդ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ, Հինգշաբթի 24 Մարտ 2016-ին, աւագ հինգշաբթի` յետմիջօրէի ժամը 5,30-ին, Հռոմի արուարձաններու`''Քասթելնովօ Տի Փորթօ'' շրջանի մէջ գտնուող փախստականներու ''Cara'' կեդրոնին մէջ, ուր`Ֆրանչիսկոս Պապ, իր սովորութեան համաձայն ուզեց գլխաւորել  Ոտնլուայի արարողութիւնը ու յիշատակել վերջին ընթրիքն ու Յիսուսի աշակերտներուն ոտքերու լուացումը որպէս նշան ծառայութեան ու յարգանքի։

Նորին Սրբութեան այցելած վերոնշեալ վայրը` քաղաքական ապաստան խնդրողներու, Իտալիոյ մեծագոյն կեդրոնն է։

Ներկայիս կը պարունակէ շուրջ 900 անհատներ, որոնցմէ 40-ը միայն կիներ են։ Ապաստանողները կու գան 25 երկիրներէ, որոնց կը ծառայեն աւելի քան 100 պաշտօնեաներ։ Գաղթականներու մեծամասնութիւնը մահմետական են։

Կան շուրջ 200 Ղպտի քրիստոնեաներ։

ֆրանչիսկոս Պապի այս նախաձեռնութիւնը, կը բացայայտէ գերապայծառ ֆիզիքելլա՝ կազմակերպիչը ողորմութեան յոբելենական տարւոյն, կը համապատասխանէ ֆրանչիսկոս Պապի կամքին ու նկարագրին։ Նորին Սրբութիւնը իր այս ժէսթով, ուղղուած նաեւ մահմետականներուն, կը մատնանշէ յարգանքի ուղին որ կ՛առաջնորդէ դէպի խաղաղութիւն։ Սրբազան հօր այս նախաձեռնութիւնը կը ցոլացնէ անոր բազմաթիւ կոչերը գաղթականներուն ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.