2016-03-24 12:35:00

Քոյր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի յիշատակին։


«Ես արդէն իմ կեանքս իբրեւ զոհ Աստուծոյ նուիրած եմ եւ արդէն այս աշխարհէն մեկնումի ժամանակս ալ մօտեցած է: Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրն արդար Դատաւորը իբրեւ հատուցում՝ ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը: Պիտի տայ ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սիրով կը սպասեն Տիրոջ  յայտնուելուն»: (Բ. Տիմ. 4, 6-8)

Պատերազմները չեն, որ միայն դիւցազուններ կը ծնին, կեանքի վերիվայրումները չեն, որոնք միայն հերոսներ կը ստեղծեն եւ ոչ ալ միայն յաղթանակները ռազմիկներ կը հերոսացնեն, այլ խաղաղ ժամանակներն ալ ունին իրենց անձնուրացներն ու խոնարհ հերոսները, որոնք ճակատագրական տնօրինումով մը իրենք զիրենք կը գտնեն խաղաղ պայմաններու մարտին մէջ եւ որպէս զինուորագրեալ մարտիկներ՝ իրենց կեանքը կը նուիրեն ժողովուրդի զոհասեղանին՝ ի սէր մարդկութեան բոլոր խաւերու բարօրութեան, ազգային ինքնորոշման եւ ազգային ինքնաճանաչման, այլ խօսքով՝ ի սէր մարդկային արժանապատուութեան պահպանման, միաժամանակ ազնուացնելով եւ բարձր պահելով իրենց անխոնջ աշխատանքը:

Այս նուիրեալներէն մէկն էր քոյր Հռիփսիմէ Չիֆթելեան…

Այս խոնարհ հերոսներու հոյլին պատուաւոր աստղերէն մէկն էր քոյր Հռիփսիմէ՝ իր համեստութեամբ, խոնարհութեամբ, հնազանդութեամբ, լուռ աշխատանքով, զոհաբերութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ քաղցր խստութեամբ:

Քոյր Հռիփսիմէ, մկրտութեան անունով Մարի Չիֆթելեան, ծնած է 17 Հոկտեմբեր 1926ին Պէյրութ, լիբանանահայ Արշալոյս եւ Պետրոս Չիֆթելեաններու ընտանիքին մէջ, որպէս կրտսեր դուստր եւ քոյր իրմէ մեծ երկու եղբայրներու, սակայն մանկութենէն  կը կորսնցնէ իր երիտասարդ մայրը եւ ինքզինք կը նուիրէ Աստուածամօր՝ դիմելով անոր պաշտպանութեան: Շուտով փոքրիկ Մարի կը ղրկուի Դամասկոսի ֆրանսացի Ֆրանսիսքէ մայրապետներու որբանոցը, ուր կ՛անցընէ իր մանկութիւնն ու պատանութիւնը քրիստոնէական սիրով լի խաղաղ միջավայրի մը մէջ, վայելելով բոլոր քոյրերուն սէրն ու գուրգուրանքը, կը լիցքաւորուի գիտութեամբ եւ հոգին կ՛ազնուանայ աղօթքով եւ մարդկային ազնիւ զգացումներով: Այս բոլորով հանդերձ, ան միշտ կարօտը եւ բաղձանքը կ՛ունենայ հարազատ ընտանեկան մթնոլորտի, որուն բացակայութիւնը մեծ եղբօր  յաճախակի այցելութիւններն ու սիրոյ խօսքերն էին, որ միայն կը թեթեւցնէին:

Մարի՝ 17ամեայ պարմանուհի, կը վերադառնայ իր հօրենական տունը, բայց որովհետեւ աշխարհիկ կեանքը շատ հետաքրքրական չէր իրեն համար, ան միշտ իր զգացումները կը բաժնէր Աստուածածնայ հետ, եւ օրին մէկը անսալով Քրիստոսի «Հետեւէ ինծի» կոչին՝ անմիջապէս կը ձգէ հօրենական տունը եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմ, այս անգամ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւն՝ պատրաստուելու կրօնական կեանքի: Երկու տարի կը մնայ Հռոմ, նորընծայարանէն ներս, ուր շուտով ի յայտ կու գայ իր բարի վարքը, աղօթասիրութիւնը, զոհողութեան ոգին: Նորընծայարանի երկու տարուան շրջանը ամփոփ աղօթքով եւ ուսումնասիրութեամբ կ՛աւարտէ եւ կ՛արտասանէ իր «Ողջախոհութեան, Հնազանդութեան եւ Աղքատութեան» ուխտը ամբողջութեամբ նուիրուելու Քրիստոսին եւ սկսելու իր կրօնական եւ ծառայողական երթը՝  նուիրուելու իր ազգի զաւակներուն դաստիարակութեան անդաստանէն ներս:

Առաջին առաքելավայրը կ՛ըլլայ Լիբանան՝ իր ծննդավայրը, ուր կը սկսի ծառայելու իբրեւ ուսուցչուհի Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն ներս, սակայն Միաբանութեան կողմէ հեռատես կարգադրութեամբ մը կ՛ուղարկուի Ֆիլատելֆիա իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու։ Ան առաջին անգամ ըլլալով կ՛երթայ Ամերիկա, ընկերակցութեամբ միաբանուհիի մը, կը մնայ հոն եւ յաջողութեամբ կը բոլորէ համալսարանական ուսումը եւ վկայուելով ու նոր գիտելիքներով զինուած՝ կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն նախ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն ներս, 1951էն 1958, ապա շրջան մը կը մնայ Զմմառի որբանոց՝ կրկին վերադառնալու Հռիփսիմեանց, մինչեւ 1963 թուական: Իր ներկայութիւնը Լիբանանի եւ յատկապէս Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ կը ներգրաւէ մեծ թիւով հայուհիներ, որոնք կ՛առինքնուին իր ազնիւ, ծառայասէր հոգիով եւ փափկանկատ վարուելակերպով: Սակայն պարտականութիւնը ուր որ կը կանչէ զինք, իր երդումը կը պարտադրէր երթալ հոն. 1963ին զինք կը գործուղեն Ֆիլատելֆիա՝ գործադրելու համար Միաբանութեան խոհեմ մէկ որոշումը՝ Անարատ Յղութեան միաբանութեան առաքելութիւնը եղող ամէնօրեայ կրթարաններու ոսկի շղթան երկարել մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, նկատի առնելով այդ շրջանին մէջ հայկական գաղութի մը կազմաւորումը:

Ուստի, անսալով հրահանգին եւ կարիքին, 1963ին քոյր Հռիփսիմէ դարձեալ մեկնեցաւ Ֆիլատելֆիա, ընկերակցութեամբ քոյր Վալանթինի եւ քոյր Արուսեակի, որոնք միասնաբար ստանձնեցին այդ շատ պատասխանատու գործը եւ բազում զոհողութիւններով իրագործեցին զայն՝ հիմը դնելով Ֆիլատելֆիոյ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Միացեալ Նահանգներու առաջին վարժարանին:

Քոյր Հռիփսիմէ մնաց Ֆիլատելֆիա մինչեւ 1981. վարժարանը, իր քոյր միաբանակիցներու համագործակցութեամբ, հասցուց ուսումնական յաջող մակարդակի, ներգրաւելով տեղւոյն գաղութէն մեծ թիւով հայ աշակերտներ եւ դարձնալով Ֆիլատելֆիոյ հայութեան հոգածութեան կեդրոնը՝ իր բազմաթիւ շրջանաւարտներով:

1981ին ան դարձեալ կը մեկնի Հռոմ ստանձնելու վերակացութեան պաշտօնը, պատրաստելու նորափթիթ հոգիներ կրօնաւորական կեանքի:

1987ին ան կը գործուղուի Միացեալ Նահանգներ, այս անգամ հետզհետէ ուռճացող Քալիֆորնիոյ հայ գաղութի մէջ հիմը դնելու նոր ուսումնարանի մը: Ան իր հաստատուն նկարագիրով, անուշ լեզուով, անկեղծութեամբ եւ լաւատեսութեամբ, օգնութեամբ քանի մը քոյրերու՝ կրնայ հիմնել նոր դպրոց մը Կլենտէյլ հայահոծ քաղաքին մէջ։ Շուրջը կը հաւաքուին իր հին աշակերտները, ծնողները, զինք սիրող բարեկամներ, քանի մը տարի կը մնայ, մինչեւ որ դպրոցը բնականոն հունի մէջ մտնէ։

Եւ ահաւասիկ, շնորհիւ այս նուիրեալներուն, այսօր Լոս Անճելըսի հայ գաղութը աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր բարիքը կը վայելէ այդ ազգանուէր աշխատանքին:

Ան քանի մը տարի Քալիֆորնիա մնալէ եւ դպրոցը իր ընթացքին մէջ դնելէ ետք դարձեալ կը կանչուի Հռոմ՝ ստանձնելու վերակացութեան պաշտօնը, միաժամանակ կ՛ընտրուի խորհրդականուհի եւ փոխանորդ Մեծաւոր Մօր:

2007ին դարձեալ հնազանդութիւնը զինք կը կանչէ Ֆիլատելֆիա, դարձեալ դպրոցին մէջ ըլլալու իր շատ սիրած աշակերտներով, սակայն իր վերջին տարիները ֆիզիքական տկարութեան պատճառով կը դադրի դպրոցէն եւ իր ժամանակը  կ՛անցընէ միայն աղօթքով, նուիրումով եւ բարեպաշտ կամքով, բայց տարիքի յառաջացումով քոյր Հռիփսիմէ կ՛ունենայ յաճախակի սրտի կաթուածներ, որոնք զինք կը գամեն անկողինին եւ, յետ կարճ մահաքունի, քոյր Հռիփսիմէ հոգին կ՛աւանդէ 9 Փետրուար, 2016ին, կէսօրէն ետք 4։30ին, շրջապատուած քոյրերով, ընտանիքի անդամներով եւ բարեկամուհիներով, իր շունչը տալով Վարդարանի աղօթքի վերջին՝ «Ողջոյն Քեզ, Մարիամ» աղօթքով:

Ան կը սիրէր աղօթել. անոր կեանքը ամբողջ եղաւ աղօթք, եւ կեանքի ընթացքը աւարտեց աղօթքով:

Քոյր Հռիփսիմէ եղաւ շատ սիրուած քիչերէն մէկը. ան իր կեանքը նուիրեց, որպէսզի սերունդներ դաստիարակուին, ազնուանան գիտութեամբ, աղօթքով, քրիստոնէական ազնուագոյն արժէքներով, եւ յաղթեց բոլոր դժուարութիւններուն իր բարի ժպիտով եւ աղօթքով ու համբերութեամբ:

Խունկ ու աղօթք քոյր Հռիփսիմէի հոգնած ոսկորներուն, թող իր կեանքի հարուստ աւանդը առաջնորդ ըլլայ մեզի, իր Աստուածահաճոյ կեանքի ընթացքը ներշնչում ըլլայ մեզի եւ յատկապէս պարմանուհիներուն, եւ նորանոր կոչումներով ծաղկեցնէ եւ վերաշխուժացնէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ իւրայատուկ երեւոյթ եղող Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութիւնը:

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

Քաղուած Ասպարէզ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.