2016-03-24 09:42:00

Հոն Քոնկի մէջ ս. Զատկուայ ճրագալոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հոն Քոնկի թեմին մէջ Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան ճրագալոյցին, 3200 հոգիներ պիտի ընդունին մկրտութեան, դրոշմի ու առաջին հաղորդութեան խորհուրդները։

Կարդինալ John Tong Hon այս առթիւ յայտնած է թէ ''այս մկրտութեամբ ոչ միայն պիտի գտնէք լոյսը այլեւ պարտականութիւնը պիտի ունենաք Քրիստոսի լոյսը սփռելու ձեր շրջանակին մէջ ու աշխատելու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար''։

Յայտնենք որ 3200 մկրտուողներու խումբը կազմուած է բոլոր ընտանիքներու անդամներէն, ծնողներէ ու զաւակներէ ու երիտասարդ զոյգերէ ու պատանիներէ, և այս տարի պսակուած նոր զոյգերէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.