2016-03-24 09:52:00

24 Մարտը նահատակ միսիոնարներու Օր:


(Ռատիօ Վատիկան) 1993-էն ասդին Իտալական միսիոներական քահանայապետական մարմնի կազմակերպութեամբ, ամէն տարի` 24 Մարտին կը ոգեկոչուի նահատակ միսիոնարներու աղօթքի ու ծոմապահութեան օրը։ Այս տարի նահատակ միսիոնարներու ոգեկոչումը կը զուգադիպի Աւագ Հինգշաբթի օրը եւ ունի որպէս բնաբան` ''ողորմութեան կիներն ու այրերը''  

Իտալական միսիոներական քահանայապետական մարմնի տնօրէն`Հայր Միքելէ Արթուրօ մեկնաբանելով օրուան խորհուրդը կը գրէ. ''Ողորմութեան կիներն ու այրերը գիտցան  լիովին ապրիլ Յիսուսի առաքելութիւնը որ կը կայանայ Աստուծոյ խօսքը տանելու ու լսեցնելու մէջ, աղքատները մխիթարելով, այսօրուայ մեր ընկերութեան բանտարկեալներուն ու  նոր ստրուկներուն աւետելով`  ազատագրումը, եւ տեսութիւնը վերադարձնելով անոնց որոնք զոհ են իրենց եսամոլութեան։ Յիսուս ողորմած Հօր Աստուծոյ ճշմարիտ դիմագիծն է, հարազատ պատկերը ողորմութեամբ հարուստ Հօր Աստուծոյ։

Նահատակ միսիոնարներու Օրուան յայտագիրը կը նախատեսէ աստուածաբանական խորհրդածութիւն մը, ի յիշատակ` Քալքութայի Մայր Թերեզայի միաբան չորս քոյրերու սպանութեան Եեմենի մէջ ապա ոգեկոչում` 2015-ին սպաննուած առաքեալ նահատակներուն, հուսկ` ճանապարհ խաչի ջերմեռանդական արարողութիւնը, ապաշխարութեան արարողութիւն, ս. Գրային ընթերցում, աղօթքի հսկում եւ Ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.