2016-03-23 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ դատապարտեց Պրիւքսելի ահաբեկչական արարքները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 23 մարտ 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ, ողջունելով հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորները, ուզեց դարձեալ իր մօտիկութիւնը յայտնել, երէկ` Պրիւքսելի մէջ պատահած ահաբեկչական գործողութիւններու զոհերուն, խստիւ դատապարտելով այդ ''դաժան ու գարշելի արարքները որոնք միայն մահ, ահաբեկչութիւն ու սարսափ կը յառաջացնեն''։

''Վշտահար սրտով հետեւեցայ երէկ` Պրիւքեսկլի մէջ պատահած ահաբեկչական յարձակումներու տխուր լուրերուն, որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ''  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ համայն Պելճիքայի բնակչութեան, զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ու վիրաւորներուն ապահովեցնելով իր աղօթքներն ու մօտիկութիւնը։ Ան ապա կոչ ուղղեց բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց միասնաբար դատապարտելու այդ ''ահռելի ու գարշելի արարքները որոնք միայն մահ, ահաբեկչութիւն ու սարսափ կը յառաջացնեն։

''Այս Սուրբ Շաբթուայ ընթացքին բոլորէն կը խնդրեմ որ շարունակեն աղօթել ու խնդրել Տիրոջմէ, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, մխիթարութիւն` խոցուած սրտերուն եւ սրտի դարձ այդ դաժան ծայրայեղականութենէ կուրցած անձերուն''ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթել ''ողջոյն քեզ մարիամ'' աղօթքը, ապա խնդրեց պահ մը լռութիւն պահել եւ աղօթել բոլոր մեռեալներուն, վիրաւորներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ Պելճիքայի բոլոր ազգին համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, հրաւիրելով զանոնք խոկալու Աստուծոյ` մեզի ցուցաբերած սիրոյ մասին, Խաչի օրինակէն սորվելու համբերութիւն ու ընտանիքներու մէջ ապա ապրելու Յարութեան ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.