2016-03-23 10:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնէ Պրիւքսելի զոհերը։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնեմ զոհերուն հոգիները'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ` 22 Մարտ 2016-ին հրատարակած մէկ թուիթին մէջ, ի տես Պրիւքսելի մէջ իրագործուած ահաբեկչական արարքներուն, որոնց պատճառաւ մահացած են աւելի քան երեսուն անհատ ու վիրաւորուած աւելի քան 250 հոգի։

''Աստուծոյ ողորմութեան կը յանձնեմ անձերը` որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին # Bruxelles'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.