2016-03-23 10:01:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելին


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր  յղած է Պելճիքայի թագաւորութեան վարչապետ Շարլ Միշելին` երեքշաբթի 22 Մարտի առաւօտեան Պրիւքսէլի միջազգային օդակայանին եւ մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն առիթով, որոնց զոհ դարձած են տասնեակ մը անմեղ մարդիկ:

Այս մասին կը հաղորդեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

«Այս ծանր պահուն իմ ցաւակցութիւնս եւ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Պելճիքայի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու  հարազատներուն` մաղթելով ոգիի արիութիւն եւ համբերութիւն:

«Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութեան որեւէ դրսեւորում եւ յանձնառու է այդ չարիքին դէմ միջազգային պայքարին իր ներդրումը բերելու», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.