2016-03-22 15:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Պրիւքսելի մէջ պատահած ահաբեկչութեան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 22 մարտ 2016-ին, Պրիւքսելի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն ի լուր , Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, հեռագիր մը ուղղեց Պրիւքսելի թեմի արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Ժոզէֆ Տէ Քեսելին, որուն մէջ յայտնելով Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւնները,   վստահեցուց Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը  զոհերուն հոգիներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։

Վատիկանի Պետքարտուղարը հեռագիրին մէջ ցուցաբերելով Նորին Սրբութեան խորին զօրակցութիւնը վիրաւորներուն եւ անոնց հարազատներուն հանդէպ, յայտնեց՝   թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կրկին կը դատապարտէ անսահման տառապանք պատճառող  կոյր օրէն  գործադրուած բռնութիւնները եւ  թէ՝ Ան  Աստուծմէ կը հայցէ  խաղաղութեան պարգեւը, եւ  առաքելական  օրհնութիւնը կը շնորհէ բովանդակ Պելճիքայի ժողովուրդին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.