2016-03-22 12:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագներու երրորդ տարին


(Ռատիօ Վատիկան) Երեք տարի առաջ՝  22 մարտ 2013-ին, Ֆրանչիսկսո Պապ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցեց Սուրբ եւ անմահ առաջին պատարագը ներկայութեամբ Վատիկանի պարտիզպաններուն  ու խումբ մը աշխատաւորներուն։ Այդ օրէն սոյն արարողութիւնը դարձաւ աւանդութիւն։

Այս յատուկ տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի Ռատիոկայանը հարցազրոյց կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապի ծանօթ եւ Վատիկանեան լուրերու մասնագէտ` Արժանթինցի Տիկին Էլիզապեթթա Փիքյէի հետ, որուն ընթացքին լրագրողուհին հաստատեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի համբաւը կը կայանայ իր արտակարգ հաղորդութեան մէջ, որուն պատգամն ու խօսքը հասկնալի  է  բոլոր խաւերու պատկանող մարդոց։ Ան ապա նշեց թէ Սրբազան հօր ճառերուն ու խորհրդածութիւններուն կը հետեւին ոչ միայն քրիստոնեայ հաւատացեալներ այն նաեւ դիւանագիտական աշխարհի անձնաւորութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ ապրիլ կու տայ Աւետարանը։ Ան  Աւետարանի էականը կը բացատրէ ու  կը հաղորդէ  ամենայն   պարզութեամբ եւ սահուն լեզուով,  որպէսզի հասկնալի ըլլայ բոլորին։ Ան Աւետարանի Պատգամը կը պատշաճեցնէ ժամանակակից աշխարհին՝ որպէսզի Աւետարանին խօսքը  դպչի  բոլոր մարդոց սրտերուն։

Լրագրողուհին կարեւորելով Ֆրանչիկսոս Պապի ներկայացուցած առօրեայ խորհրդածութիւնները,  նկատել տուաւ նաեւ թէ սոյն խորհրդածութիւնները  ամփոփուած եւ հրատարակուած են զանազան  գիրքերու մէջ եւ սփռուած ի սփիւռս աշխարհ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.