2016-03-22 09:00:00

Օպամա Քուպայի մէջ ջերմ ընդունելութեան կ՛արժանանայ


88 տարիներու ընթացքին Քուպա այցելած Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը հանդիսացած Պարաք Օպաման ջերմ ընդունելութեան արժանացած է համայնավար կառավարութեամբ ղեկավարուող այդ երկրին մէջ, մինչ շարք մը ամերիկացի քոնկրեսականներ կը քննադատէին այդ այցելութիւնը։

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ Մարտ 21-ին, Օպամա Յեղափոխութեան պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Ռաուլ Քասթրոյի հետ, մինչ կը հաղորդուէր, թէ «Կուկըլ» ընկերութիւնը Քուպայի մէջ համացանցային սպասարկութիւնները ընդարձակելու համաձայնագիր մը կնքած է կղզիի իշխանութեանց հետ։

Վերջին քանի մը տարիներուն, Քուպա սկսած է երկրին տնտեսութիւնը ազատականացնելու քայլեր որդեգրելու, սակայն քաղաքական մարզէն ներս բարեկարգումները աւելի դանդաղ կ՛ընթանան։

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.