2016-03-22 16:16:00

Պէտք է գիտնալ հոգեկան պայքար մղել


Սատանային կողմէ Աստուծոյ դէմ յայտարարուած հոգեկան պատերազմը ուղղուած է նաեւ մարդուն զոր Աստուած ստեղծեց իր պատկերին նմանողութեամբ։ Այդ պատերազմը կը  սաստկանայ երբ  մարդը մկրտութեամբ կը դառնայ Աստուծոյ որդի,  Յիսուսին հետ համաժառանգորդը երկինքի Արքայութեան։

Այս պատերազմին արմատները շատ հին են։ Երբ Աստուած ընտրեց ժողովուրդ մը իբրեւ իր սեփականութիւնը, որ իրեն նուիրուած է,  որ իր ճամբէն կը քալէ եւ կը պահէ իր բոլոր պատուէրները (cf.Dt 26,13), Սատանան որոշեց ընդդիմանալ այս ծրագրին։ Սակայն Աստուած իբրեւ իրը կը նկատէ այն կռիւները,  այն յարձակումները զորս Սատանան  կ’ուղղէ այս ժողովուրդին դէմ։

Այսպէս, հոգեկան պատերազմը կը  շարունակուի այսօր ալ եւ կռիւը կը մղուի  մասնաւորաբար քրիստոնեայի կեանքին մէջ, Եկեղեցւոյ մէջ, որ Քրիստոսի Մարմինն է եւ Աստուծոյ ժողովուրդը, եւ աշխարհի մէջ։ Յիսուս մեզ կը մկրտէ «Սուրբ Հոգիով  ու կրակով (Մատթ. 3, 11),  տարածելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ ետ մղելու համար խաւարի թագաւորութիւնը։

Քրիստոնեան պէտք է մղէ  կրկնակ կռիւ մը  ընդդէմ հին մարդուն, այսինքն  սկզբնական մեղքով դրոշմուած մեր բնութեան եւ մեր Թշնամիին, սատանային, որ  ճարպիկ կերպով  կու գայ  չարիք գործելու եւ Աստուծոյ չհնազանդելու մղելու մեզ։ Պէտք է պայքարինք նաեւ աշխարհին դէմ, որ մեզ փորձութեան կ’ենթարկէ իր երեք  ցանկութիւններով.- «Մարմնին ցանկութիւնը, աչքին ցանկութիւնը եւ հարստութեան հպարտութիւնը» (1 Jn 2, 16)։ Ուրեմն, գիտնանք թէ քրիստոնեան Սատանային առանձնայատուկ մէկ թիրախն է, ինք որ Յիսուսը փորձութեան ենթարկեց անապատին մէջ։ Սատանան թիրախ կը դարձնէ նախընտրաբար Աստուծոյ այն բարեկամները, որոնք կ’ուզեն սուրբեր դառնալ։ Ան կը յարձակի մանաւանդ մեր տկար կէտերուն, մեր անպաշտպան կողմերուն ուղղութեամբ, այսինքն անոնց որոնք ենթակայ չեն Աստուծայ իշխանութեան։  Երբ քրիտսոնեայ մը գիտակցաբար չի հնազանդիր Աստուծոյ եւ կը մերժէ անոր խօսքը, կը հակադրուի Սուրբ Հոգիին եւ  կը գտնուի հոգեկան խաւարին մէջ, որովհետեւ դուռը կը  բանայ սատանայական գործունէութեան մը առջեւ իր սրտին մէջ, իր կամքին, իր երեւակայութեան մէջ, եւ այն ժամանակ  իր ազատութիւնը կրնայ խափանուիլ։

Դուռ մը բանալ Սատանային առջեւ  կը նշանակէ  մեզ խոցելու առիթ տալ անոր։ Եթէ ամենայն ազատութեամբ ընենք նման բան մը,  նոյնինքի Աստուած  ոչինչ կրնայ ընել մեզի համար։ Վշտացնել Հոգին Սուրբը, կը նշանակէ անոր ձեռքերը կապել։ Արդարեւ, «մեր սխալներն են որ անդունդ մը կը յառաջացնեն մեր եւ Աստուծոյ միջեւ։ Մեր մեղքերը պատճառ կ’ըլլան որ Ան իր դիմագիծը պահէ մեզմէ եւ մերժէ մեզ լսել» (Is 59, 1-2)։  Լիւսիֆէրի սրտի հպարտութեան պատճառով է որ անոր իմաստութիւնը չքացաւ եւ  բազմաթիւ սխալներ գործեց։  Ուրեմն, հպարտութիւնը մեծագոյն մեղքն է որուն միջոցաւ Սատանան  կը տապալէ քրիստոնեաները։

Գէշին դէմ պայքարը կը մղուի ամէն բանէ առաջ աղօթքի միջոցով եւ Աստուծոյ շնորհքով պայքարելով մեղքին դէմ։ Առանց Աստուծոյ՝ ոչինչ ենք, սակայն եթէ Անոր բարեկամներն ենք եւ Ան մեր մէջ կը բնակի, կը դառնանք   «աւելի ուժեղը» եւ սատանան կը փախչի։

Շատ մը մարդիկ Չարը չեն  տեսներ հոն ուր իրապէս ներկայ է, այսինքն մեղքը, Աստուծոյ անհնազանդութեան արարք մը որ մեզ    կը ձգէ սատանային թակարդին մէջ։ Եթէ  յաւակնութիւնը ունինք  սատանային դէմ պայքարելու օրհնուած ջուրով կամ  դեւահալած աղօթքով, առանց հրաժարելու մեղքի մեր  կեանքէն եւ առանց իրապէս հետեւելու սրբութեան ճանապարհին, Սատանան մեզ պիտի շղթայէ։ Մեղաւոր մը որքան աւելի շարունակէ մեղանջել, աւելի պիտի նմանի Չարին որ իր մէջ կը բնակի եւ կը կորսնցնէ իր նմանութիւնը Աստուծոյ հետ։ Ամէն մարդ որ մեղքը կը գործէ կը պայքարի Աստուծոյ դէմ։ Արդ,  գիտէք թէ Յիսուս  յայտնուեցաւ ջնջելու համար մեղքերը եւ մեղք չկայ իր մէջ  (cf. 1 Jn 3, 4-6)։ Երբ մարդ մը կը բնակի Իր մէջ, չի մեղանչեր։ Օրհնութիւնը, օրհնուած ջուրը եւ բոլոր խորհուրդները կ’իմաստաւորուին միայն այս հեռանկարին ներքեւ։ Այլապէս,  անոնք կը վերածուին մոգական կամ աւելորդապաշտ սովորութիւններու, ինչ որ ամէնէն վատ բանն է։

«Հոս ձգենք  խաւարին գործերը եւ հագնինք լոյսի զէնքերը»  (Rm 13, 12), «վերազգեստաւորուելով  Տէր Յիսուս Քրիստոսով» (Rm 13, 14), « վերաբերուելով արժանապատուութեամբ. Ոչ մէկ կերուխում, ոչ մէկ շուայտանք, ոչ մէկ պերճանք, ոչ մէկ անառակութիւն, ոչ մէկ կռիւ եւ ոչ մէկ նախանձ» (Rm 13, 13)։

Կարճ խօսքով, «թոյլ մի տար որ պարտուիս չարիքէն,  չարիքին յաղթէ բարիքով» (Rm 12, 21)  փառաբանելով Աստուած քու կեանքովդ եւ ոչ թէ միայն խօսքով։

«Գթութեան գործերը, մարդասիրական  զգացումները, սրբազան բարեպաշտութիւն մը, անապակ մաքրութիւն մը,  չափաւորութիւն մը, ասոնք  են այն  առաքինութիւնները որոնց հաւատարիմ պէտք է մնանք միշտ։ Հրապարակաւ կամ մտերմութեան մէջ, մարդոց  առջեւ կամ  մեր սենեակին մէջ, խօսինք կամ լռենք,  զբաղած ըլլանք կամ  զքօսանքի մէջ,  ասոնք այն առաքինութիւններն են որոնց պէտք է միշտ հաւատարիմ ըլլանք»։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.