2016-03-22 14:34:00

Աւագ Հինգշաբթի օր Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝այցելէ գաղթականներուն կեդրոնատեղին


(Ռատիօ Վատիկան) Եըեքշաբթի, 22 մարտին,  Քահանայապետական Նոր Աւետարանացման խորհուրդի  նախագահ՝  Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա <<Օsservatore Romano>> օրաթերթին մէջ հրատարակած մէկ յօդուածին մէջ  յայտնած է թէ  հինգշաբթի 24 մարտ 2016-ին,  Աւագ Հինգշաբթի օր, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ ՝՝Քասթել Նուովո Տի Փորօ՝՝ շրջանի գաղթականներու կեդրոնատեղին,  եւ հոն պիտի կատարէ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ Ոտնլուայի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն կեդրոնին մէջ գտնուող 12 գաղթական երիտասարդներ։

՝՝ Ֆրանչիսկոս Պապ  12 գաղթականներու առջեւ ծունկի գալով պիտի լուայ անոնց  ոտքերը,  որպէս ծառայութեան նշան՝՝ գրած է գերապայծառ Ֆիզիքելլան մէջբերելով  Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ շաբաթ օր`  յոբելինական  հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին  ոտնլուայի արարողութեան մասին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը, որուն մէջ  Սրբազան Հայրը ըսած էր. ՝՝Առաքեալներուն ոտքերը լուալով, Յիսուս ուզեց յայտնել Աստուծոյ մեզի հանդէպ որդեգրած վարուելակերպը, եւ ուզեց օրինակ տալ նոր պատուիրանին` իրար զիրար սիրենլ  ինչպէս Ինք մեզ սիրեց՝  Իր կեանքը զոհելով մեզի համար։

Սէրը ՝ խօսքեր չեն, այլ ծառայութիւն եւ աշխատանք.  հեզ ծառայութիւն, կատարուած լռութեան մէջ եւ ծածուկօրէն։  Սէրը կ՝արտայայտուի  բաժնեկցելով նիւթական բարիքները  կարիքաւորներուն հետ։ Այս մէկը կեանքի ապրելակերպ մըն է զոր Աստուած կ՝առաջարկէ քրիստոնեաներուն՝ որպէս  հարազատ ուղին մարդկութեան ։

Ֆրանչիսկսո Պապ սոյն  ժէսթով կ՝ուզէ մեզի փոխանցել, թէ հրամայական  է կեդրոնացնել մեր ուշադրութիւնը  տկարներուն վրայ, նամանաւանդ այս պատմական պահերուն։ Բոլորս կանչուած  ենք գաղթականներուն վերադարձնել  իրենց արժանապատուութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գաղթականներուն ոտքերը լուալով, մեզ կը մղէ նայելու Սուրբ Զատիկին, այն անհատներու աչքերով,­ որոնք  իրենց հաւատքը կ՝ապրին ծառայելով անոն որոնք տառապանքի մէջ  գտնուին եւ որոնցմէ շատերը`  կաթողիկէ չեն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  կ՝ուզէ ցոյց տալ  թէ  յարգանքի ուղին՝  գլխաւոր ուղին է  խաղաղութիւն կերտելու համար։  Յարգել կը նշանակէ անդրադառնալ մեր մօտ գտնուող անձին։ Անձ մը՝ որ մեր հետ միասին կ՝ընթանայ, մեր հետ կը տառապի եւ կը զուարճանայ։ Անձ մը­ որուն վրայ օր մը կրնամ  յենուլ՝ զօրակցութիւն գտնելու համար։ Գաղթականներուն ոտքերը լուալով Ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ յարգել իւրաքանչիւր գաղթական։ Գրած է Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլան իր հրատարակած յօդուածին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.