2016-03-21 10:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրերը Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն


(Ռատիօ Վատիկան)  Թուրքիոյ  մէջ ահաբեկչական արարքներուն ի լուր ինչպէս նեաւ Ռուսիոյ Տոնի Ռոսթով քաղաքին մէջ քաղաքացիական օդանաւի արկածի ի լուր, կիրակի, 20 մարտին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրներ ուղղեց Թուրքիոյ նախագահ Էրտոկանին ու Ռուսիոյ պետական իշխանութիւններուն։

Թուրքիոյ նախագահին ուղղած հեռագիրին մէջ Վատիկանին Պետական քարտուղարը յայտնեց Ֆրանիչկսո Պապի ցաւակցութիւնը   ահաբեկչական արարքներուն զոհերուն եւ վստահեցուց Անոր  աղօթքը  անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ վիրաւորներուն օգնութեան հասնող կամաւորներուն։

Իսկ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն ուղղած հեռագիրին մէջ կարդինալ Փարոլին արտայայտելով Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու տխրութիւնը ի լուր օդանաւի արկածին, Անոր ցաւակցական զգացումները փոխանցեց բոլոր զոհերու ընտանեկան պարագաներուն, զոհերուն հոգիները յանձնելով Աստուծոյ անսահման ողորմութեան ու Տիրոջմէ հայցելով մխիթարութիւն, յոյս եւ ոյժ բոլոր անոնց կը գուժեն այդ զոհերու մահը։








All the contents on this site are copyrighted ©.