(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆի եպիսկոպոսները դարձեալ կոչ ուղղած են պահանչելով որ Միջին Արեւլքին մէջ տեղի ունեցող` քրիստոնեաներու, եզիտիներու ու կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու դէմ հալածանքը ցեղասպանութիւն հռչակուի։
ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Jospeh Kurtz հաւատացեալներէն խնդրած է դիմումնագիր մը ստորագրել, որպէսզի երկրի արտգործ նախարարութիւնը քրիստոնեաներուն դէմ կատարուող հալածանքը պաշտօնապէս հռչակուի որպէս ցեղասպանութիւն ու վերջ տրուի այդ ահռելի հալածանքին ու ջարդին։ ։
Անցեալ 15 Մարտին` ԱՄՆի ազգային ժողովը, ոչ պաշտօնական վճիռ մը արձակած է որով կը դատապարտէ ՏԱՀԵՇ-ի բռնարարքները հանդէպ կրօնական փոքրամասնութիւններուն, զանոնք որակելով որպէս ցեղասպանութիւն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |