2016-03-20 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի երեք տարիներու քահանայապետութիւնը յատկանշող թուականներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեք տարի առաջ, 19 Մարտ 2013-ին,  Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի կ՛ունենար`  հրաժարեալ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին յաջորդ, 76 ամեայ` կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի գահակալութեան արարողութիւնը։

ֆրանչիսկոս Պապի Քահանայապետութեան այս երեք տարիները յատկանշուեցան Եկեղեցիէն ներս ու դուրս յեղաշրջումով, սկսեալ Եկեղեցական կառոյցի կառավարման բարեփոխումներով։

ֆրանչիսկոս Պապի գահակալութեան երրորդ տարեդարձին առթիւ ստորեւ կը ներկայացնենք Քահանայապետութեան երեք տարիները յատկանշող թուականներ։

2013 – 13 Մարտ 2013­, 24 ժամուան մէջ կարդինալական դասը որպէս Պապ ընտրեց` կարդինալ Jorge Mario Bergoglio` Պուէնոս Այրեսի̦ առաջնորդը որ ապա ընտրեց ֆրանչիսկոս անունը։ Անոր քահանայապետութիւնը սկիզբ առաւ 19 Մարտին, գահակալութեան արարողութեամբ, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ  Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը­, Էջմիածնի Գարեգին ամենայն հայոց կաթողիկոսը, Արամ վեհափառի ներկայացուցիչը ու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը։

 

2013 Տարին։

21 Մարտ – Նոր Քահանայապետը առաջին անգամուան համար պատարագ կը մատուցէ Սրբուհի Մարթա Տան մատրան մէջ, որուն կը հրաւիրուին մասնակցիլ Վատիկանի պաշտօնեաները, և ուր կ՛ որոշէ վերջնականապէս իր բնակութիւնը հաստատել, հրաժարելով քահանայապետական յարկաբաժնին մէջ կղզիանալու վախէն։

23 Մարտը յատկանշուեցաւ պատմական ու աննախընթաց հանդիպումով` երկու Քահանայապետերու միջեւ։ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութիւն կատարեց իր նախորդին` Պենետիկտոս ԺԶ Պապին̦ որ ժամանակաւորապէս քաշուած էր ''Castel Gandolfo'' քահանայապետական ամարանոց։

28 Մարտ –  Քահանայապետութեան առաջին Աւագ Հինգշաբթի օրը` ֆրանչիսկոս Պապը պատարագը մատուցեց Հռոմի անչափահասներու բանտին ու եւ կատարեց Ոտնլուայի արարողութիւնը` 12 անչափահասներու տղայ թէ աղջիկ որոնցմէ մէկը մահմետական։

13 Ապրիլ 2013-ին Քահանայապետը հաստատեց 8 կարդինալներու յանձնախումբը, ընտրուած աշխարհի չորս ծագերէն, որոնց պարտականութիւնն է խորհուրդ տալ Եկեղեցւոյ կառավարման համար ու Քահանայապետին հետ սերտել Վատիկանի վերին վարչութեան բարեփոխումի ծրագիր մը ։ 15 Հոկտեմբերին` Կարդինալ Փարոլին, նորընտիր Պետական Քարտուղարը, կը միանայ խումբին։

5 Յուլիս – Հաւատքի Լոյս շրջաբերական թուղթին հրապարակում. Թուղթը մեծամասամբ շարադրուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէն թէեւ կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

9 Յուլիս - Ֆրանչիսկոս Պապ անսպասելի կերպով կ՛որոշէ կարճատեւ այցելութիւն մը տալ Իտալական ''Lampedusa'' կղզիին, այցելելով այնտեղ ժամանած գաղթականները ու դատապարտելով ''անտարբերութեան համաշխարհայնացումը'' յաչս գաղթականներու ողբերգութեան։

23-28 Յուլիս, Իտալիայէն դուրս առաջին առաքելական ճամբորդութիւն։ Պապը կը մեկնի Պրազիլ գլխաւորելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։ Իսկ վերադարձին կ՛ որոշէ օգոստոս ամսուայ ամառնային արձակուրդը անցնել Վատիկանի մէջ։

7 Սեպտեմբերը, Պապի նախաձեռնութեամբ կը հռչակուի աղօթքի ու ծոմապահութեան օր  Սուրիոյ ու աշխարհի խաղաղութեան համար։

19 Սեպտեմբեր – Ընտրութենէն 6 ամիսներ ետք, ֆրանչիսկոս Պապը երկար հարցազրոյց կը շնորհէ ''La Civiltà Cattolica'' Յիսուսեան պարբերաթերթին։ Հետագային Ան այլ հարցազրոյցներ կը շնորհէ այլ օրաթերթերու։

4 Հոկտեմբեր – Ս﹒ ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի քաղաքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ Եկեղեցին հրաժարելու աշխարհականացումի հոգիէն որ իր աչքին կը թուի որպէս ճշմարիտ վտանգ մը։

25 Նոյեմբեր 2013-ին  կը հրատարակուի առաքելական առաջին յորդորագիրը ''Evangelii Gaudium  Աւետարանի ուրախութիւնը''  որ կը յատկանշէ Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան ճշմարիտ յայտագիրը։

 

2014 Տարին

22 Փետրուար – Առաջին կարդինալական Վեհաժողով. Սրբազան Պապը 19 նոր կարդինալներ կը նշանակէ աշխարհի զանազան վայրերէն, որոնցմէ 16-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։

24 Փետրուար – Սրբազան Պապէն ստեղծած 9 կարդինալներու յանձնախումբի մի քանի ամիսներու աշխատանքէն ետք, կը ստեղծէ տնտեսութեան Քարտուղարութիւնը որուն պարտականութիւնն է համակարգել Ս﹒ Աթոռի տնտեսական ու վարչական հարցերը։

9-14 Մարտ - Վատիկանի վերին Իշխանութեան 80 պատասխանատուներու հետ ֆրանչիսկոս Պապը կը մասնակցի Քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան։ Առաջին անգամուան համար ̦ Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ ̦ 6 օրուայ հոգեւոր կրթութիւնը տեղի կ՛ունենայ Վատիկանէն դուրս Հռոմի մօտ կրօնաւորական տան մը մէջ։

27 Ապրիլ – ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ սրբադասումը իր նախորդներուն` Յովհաննէս ԻԳ (1958-1963) եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ (1978-2005)։ Սրբադասման արարողութեան ներկայ կը գտնուի նաեւ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ։

24-26 Մայիս – Քահանայապետական ճամբորդութիւն դէպի Ս﹒ Երկիր։ Ճամբորդութեան երկու տպաւորիչ պատկերները կը հանդիսանան. Սրբազան Պապին կանգ առնելը բաժանումի իսրայէլեան պատին առջեւ ու Բեթղեհէմի մէջ ողբի պատիւ առջեւ ապա  անոր ողջագուրումը Արժանթինէն երկու բարեկամներուն հետ` մէկը րաբունապետ ''Abraham Skorka̦'' եւ  երկրորդը իմամ ''Omar Abboud''։

8 Յունիս - ֆրանչիսկոս Պապը Կ﹒Պոլսոյ պատրիարք Բարթողոմէոսի ներկայութեամբ Վատիկանի այգիներու մէջ կը նախագահէ  խաղաղութեան հանդիպումը ընդմէջ Իսրայէլի ու Պաղեստինի նախագահներուն ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւններուն։

13-18  Օգոստոս առաքելական ճամբորդութիւն դէպի հարաւային Քորէա։ Սրբազան Պապը երանելի կը հռչակէ 124 նահատակ Քորէացիներ և հաշտութեան կոչ կ՛ուղղէ երկու Քորէաներուն։ 

13 Սեպտեմբեր – Առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակին առիթով (1914-1918) ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Իտալիոյ ''Redipuglia'' զինուորական գերեզմանատունը։

14 Սեպտեմբեր – ֆրանչիսկոս Պապը կը մատակարարէ ս﹒ պսակի խորհուրդը 20 զոյգերու ս﹒ Պետրոս պազիլիքային մէջ, ընտանիքի նիւթին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսէն երեք շաբաթ առաջ։

21 Սեպտեմբեր – Ֆրանչիսկոս Պապը Եւրոպական ցամաքամասի  առաջին առաքելական այցելութիւնը կը յատկացնէ Ալպանիայի̦, ուր կ`ողջունէ կրօններու միջեւ տիրող խաղաղ համերաշխութիւնն ու համակեցութիւնը, երկրի մը մէջ որուն բնակչութեան 60 տոկոսը մահմետական է։

28 Սեպտեմբեր – Վատիկանի մէջ անտիպ օր մը նուիրուած ծերունիներու ու մեծ ծնողներու որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ  նաեւ  Վաստակաւոր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։

5-19 Հոկտեմբեր Ընտանիքի նիւթով արտակարգ եպիսկոպոսական սիւնհոդոս­, նուիրուած ընտանիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին Սրբազան Պապը երանելի կը հռչակէ Պօղոս Զ﹒ Քահանայապետը։

25 Նոյեմբեր - Այցելութիւն Եւրոպայի հաստատութիւններու`Սթրազպուրկ։ Եւրոպայի ազգային ժողովին մէջ Պապը կը վերահաստատէ մարդկային անհատին կեդրոնականութիւնը ու կը դատապարտէ վիժումն ու հեշտամահը։ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ կ`ընդգծէ Եւրոպայի քրիստոնեայ արմատները ու քրիստոնէութեան նպաստը մշակութային ու ընկերային բարգաւաճումին ի խնդիր։

25-30 Նոյեմբեր – Առաքելական ճամբորդութիւն Թուրքիա։ Կեցութեան ամէնէն խօսուն պահերը եղան﹒ լռելեայն երկրպագութիւնը երկրի աւագ Մուֆթիին հետ, Իսթանպուլի կապոյտ մզկիթին մէջ ու անոր ցուցաբերած մօտիկութիւնը Բարթողոմէոս պատրիարքին։

17 Դեկտեմբեր – ԱՄՆ ու Գուպան կը յայտարարեն իրենց դիւանագիտական կապերու վերահաստատումը, կէս դար խզումէն ետք։ ֆրանչիսկոս Պապը ու վատիկանլան դիւանագիտութիւնը մեծապէս սատարեցին այս դիւանագիտական կապերու վերահաստատումին։

22 Դեկտեմբեր – Ս﹒ Աթոռի վերին Իշխանութեան բարեմաղթութիւններու աւանդական ներկայացումի առթիւ Քահանայապետը կը ներկայացնէ Եկեղեցին յուզող  15 հիւանդութիւններու ցանկ մը Եկեղեցւոյ կառավարիչներուն հրաւէր ուղղելով խիղճի հարազատ քննութեան։

2015 Տարին

12-19 Յունուար – Առաքելական ճամբորդութիւն Սրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբը։ Քոլոմպոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը հրաւիրէ հաշտութեան ու միջ կրօնական երկխօսութեան։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ, հակառակ ահաւոր փոթորիկի մը, Ան կ՛այցելէ  ''Tacloban'' քաղաքը։ Մանիլիայի մէջ 6-7 միլիոն հաւատացեալներ կը մասնակցին Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ պատարագին  որ կը հանդիսանայ Պապերու պատմութեան մեծագոյն հաւաքներէն մին։ 

11-14 Փետրուար – Ինը Կարդինալներու խորհուրդի ժողովէն ետք, տեղի կ՛ունենայ կարդինալական վեհաժողով, յատկացուած Եկեղեցւոյ բարենորոգումի գործընթացին, որուն ընթացքին Քահանայապետը կը նշանակէ 20 նոր կարդինալներ (5 ցամաքամասերէն) որոնցմէ 15-ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։

11 Ապրիլ – Ֆրանչիսկոս Պապ կը յայտարարէ  Ողորմութեան արտակարգ Յոբելենական տարին եւ  կը հրապարակէ  ''ողորմութեան դիմագիծ'' կոնդակը։

6 Յունիսին` կարճարեւ այցելութիւն ''Սարայեւօ''ի.

18 Յունիսին լոյս կը տեսնէ ֆրանչիսկոս Պապի ''Laudato Si’ - Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական թուղթը  նուիրուած ''հասարակաց տան պահպանումին''։

21-22 Յունիս - Այցելութիւն Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին, Սուրբ Վարշամակի ցուցադրութեան առթիւ։ Առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը մուտք կը գործէ Վալտէզ եկեղեցի։

5-13 Յունիս Առաքելական Ճամբորդութիւն դէպի Էկուատոր Պոլիվիա եւ Փարակուէյ։ Քիթոյի մէջ Պապը հանդիպում կ՛ունենայ ժողովրդական շարժումներուն հետ։

1 Սեպտեմբեր – Ողորմութեան արտակարգ Յոբելեանին առթիւ, Քահանայապետը բացառաբար արտօնութիւն կու տայ աշխարհի բոլոր քահանաներուն թողելու վիժումի մեղքը։

19-23 Սեպտեմբեր – Առաքելական ճամբորդութիւն մը դէպի Քուպա, ԱՄՆ ու ՄԱԿի Նիւ Եորքի աթոռի այցելութիւն։ Առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը խօսք կ՛առնէ Ամերիկեան ազգային ժողովին առջեւ, Ուաշինկթընի մէջ։

17 Հոկտեմբեր – Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի հաստատման 50-րդ տարեդարձին առթիւ ֆրանչիսկոս Պապը ճառ մը կ՛ արտասանէ որուն մէջ կը մատնանշէ սիւնհոդոսի իմաստին, ընդգծելով հարկաւորութիւնը Եկեղեցւոյ փրկարար ապակեդրոնացումին։

24 Հոկտեմբեր – Ընտանիքի նիւթին մասին երեք շաբաթուայ սիւնհոդոսէն ետք­, սիւնհոդոսական հայրերը կը քուէարկեն 94 կէտերով վաւերաթուղթ մը, ուր կ՛առաջարկուի տարբեր  վերաբերմունք որդեգրել ամուսնալուծուած ապա դարձեալ պսակուածներու նկատմամբ։

25-30 Նոյեմբեր – ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաջին ճամբորդութիւնը Ափրիկեան ցամաքամաս` ուր յաջորդաբար կ՛այցելէ Քենիա, Ուկանտա ու Կեդրոնական-ափրիկէն։

Վերջին հանգրուանին, Քահանայապետը կ՛այցելէ Պանկիի կեդրոնական մզկիթը եւ կոչ կ`ուղղէ ո՛չ ըսելու բռնութեան` յանուն կրօնի։

8 Դեկտեմբեր 2015-ին, Քահանայապետը պաշտօնապէս բացումը կը կատարէ ս﹒ Պետրոս պազիլիքայի ս﹒ դրան, սկիզբ տալով ''ողորմութեան'' յոբելեանին։

2016 Տարին

15 Յունուար – Պապը անսպասելի այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի մէկ ծերանոցի մը և օրհասներու մէկ կեդրոնին, սկիզբ տալով ''ողորմութեան ուրբաթներուն''։ Յաջորդ ամիսը կ`այցելէ ապա ''թմրամոլներու'' կեդրոն մը։

17 Յունուար – Առաջին անգամուան համար ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Հռոմի հրէական Տաճարը։

21 Յունուարին Սրբազան Պապը որոշ փոփոխութիւններ կը ներմուծէ հռոմէական խորհրդատետրին մէջ, արտօնութիւն շնորհելով կիներուն մասնակցելու ոտնլուայի արարողութեան։

10 Փետրուար – Շուրջ հազար ողորմութեան առաքեալներ պաշտօնապէս կ՛ուղղարկուին աշխարհի չորս ծագերուն, ներկայութեամբ երկու ֆրանչիսկեան սուրբերու աճիւններուն` սուրբ Padre Pio-ի և սուրբ Léopold Mandic-ի

12-18 Փետրուար – Առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը հանդիպում կ՛ ունենայ Մոսկուայի Պատրիարքին հետ։ ֆրանչիսկոս եւ Կիւրեղ 12 Փետրուարին կը խօսակցին Քուպայի մէջ­, որմէ  ետք Պապը կը շարունակէ իր 5 օրուայ առաքելական ճամբորդութիւնը դէպի Մեքսիքօ` ուր ժողովուրդը մեծ խանդաղատանքով զինք կ՛ընդունի որպէս ողորմութեան պատգամաւոր։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.