2016-03-19 10:08:00

Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը քննադատեց Եւրոպայի կեցուածքը գաղթականներուն նկատմամբ


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին որ հովուական այցելութեամբ կը գտնուի Մակեդոնիայի մէջ, ըսաւ. ''Խոնարհեցուցիչ է որ Եւրոպան իր դռները կը փակէ յաչս գաղթականներուն'' ան ապա մատնանշեց թէ ''Գաղթականներու տագնապը լուծելու համար պէտք ենք մօտենալ անոնց որպէս անհատներ՝ այրեր ու կիներ, ծերեր ու մանուկներ, որոնք կարօտն ունին մեր օգնութեան'' ։

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը ապա հաստատեց թէ  ''կը թուի որ մարդկային իրաւունքը բնաւ չէ ճանչցուած'' ու շեշտեց եղբայրակցութեան ու համագործակցութեան կարեւորութիւնը։  Ան ապա ընդգծեց ''Մակեդոնացի ժողովուրդին վեհանձնութիւնը` որ կարողացաւ տարիներու հոլովոյթին կերտել իր մշակոյթը ու ապրիլ իր հաւատքը''։ Կարդինալ Փարոլին ապա հրաւիրեց հաւատացեալները հետեւելու Քալքութայի  Մայր Թերեզայի օրինակին։

''Եկեղեցին կ՝ուզէ համագործակցիլ ամոքելու մարդոց ցաւերը։ Թող Skopje-ի նոր առաջնորդարանը ըլլայ հիւրընկալութեան վայր, հանդիպումի վայրը` կաթողիկէ եւ այլ հասարակութիւններու միջեւ, եկեղեցւոյ ու ընկերութեան միջեւ'' ըսաւ ապա Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.