2016-03-19 09:47:00

Ձերբակալուեցաւ Փարիզի ահաբեկչութիւններուն կազմակերպիչներէն մէկը


Պրիւքսէլի Մոլենպեք արուարձանին մէջ պելճիքական ոստիկանութիւնն ու յատուկ ջոկատայինները ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իրենց գործողութիւններու ծիրին մէջ երէկ ձերբակալեցին նախորդ տարուան նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններուն կազմակերպիչներէն Սալահ Ապտել Սալամը:

Ան փարիզեան ահաբեկչութեան մէջ հիմնական կասկածելիներէն է. անոր ձերբակալման նախորդեց յատուկ գործողութիւն մը, որուն ընթացքին ոստիկանութիւնը շրջափակեց տուեալ տարածքը եւ արցունքաբեր կազ գործածեց:

Սալահ Ապտել Սալամի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարեց, որ 19 մարտին պիտի գումարուի պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ:

Ան հաստատեց, որ գլխաւոր կասկածելիներէն մէկուն ձերբակալութենէն ետք պիտի բացայայտուին ցանցի այլ անդամներ եւս: Ֆրանսայի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիքական ոստիկանութեան` դիտել տալով, որ Պելճիքայի իշխանութենէն պիտի պահանջեն Ֆրանսային յանձնել Սալահ Ապտել Սալամը:








All the contents on this site are copyrighted ©.