2016-03-18 11:18:00

Ս. Պետրոս հրապարակի ծաղիկներու սարքաւորումը Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այս տարուայ Ծաղկազարդի ու Սուրբ Զատկուայ սրբազան արարողութիւններուն առթիւ, ս. Պետրոս հրապարակի ծաղիկներու զարդարումը յանձն առած է Իտալիոյ Իմփերեա մարզի առեւտուրի գրասենեակը, հսկողութեամբ զարդասէր տիկին Daniela Canu-ի։ 

Ս. Պետրոս հրապարակի զարդարանքին համար պիտի օգտագործուին 10 հազար բուրումնաւէտ տունկեր, 500 քիլօ ''կանանչութիւն'' եկած միշտ Իտալիոյ Լիկուրեա մարզէն, 7000 ձիւնածաղիկ եւ 30 հազար ձիթենիի ոստեր, որոնք ապա հաւատացեալներուն պիտի բաշխուին։

Բազմամեայ աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս “Il Cammino”  կոչուած ընկերակցութիւնը կը տրամադրէ 2300 արմաւենիի ճիւղեր, եկած Սան Ռեմօ քաղաքէն։

Այլ աւանդութիւն մը որ 30 տարուայ կեանք ունի, Հոլանտացի ծաղիկներու ընկերակցութիւնն է Զատկուայ սուրբ պատարագին ու անոր յաջորդող Զատկական պատգամին ու առաքելական օրհնութեան`Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդին։

15 տարիէ ծաղիկներու ու տունկերու համադրումի աշխատանքը` յանձնուած էր Զարդասէր ու վարպետ Paul Deckers որ այս տարի, տարիքի բերումով պիտի լքէ այս պաշտօնը եւ անոր պիտի յաջորդէ Charles van der Voort։

Բոլոր տունկերը յաջորդիւ կը զետեղուին ոչ միայն Վատիկանի այգիներուն մէջ, այլեւ դպրեվանքերու ու եկեղեցական հաստատութիւններու մէջ։ Նշենք որ Վատիկանի այգիներու ծառայութիւնը յանձնուած է 30 հողամշակներու, որոնք ծիսական բոլոր տարւոյն ընթացքին կ՛երաշխաւորեն սրբազան արարողութիւններու խորաններու զարդարանքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.