2016-03-18 09:42:00

Միացեալ Նահանգներ. «ՏԱՀԵՇ Ցեղասպանութիւն գործեց»


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ յայտնած են, որ ՏԱՀԵՇ եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ շիիներու դէմ ցեղասպանութիւն գործած է:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ըսած է, որ ՏԱՀԵՇ «իր ինքնահռչակումով, գաղափարախօսութեամբ եւ արարքներով ցեղասպանական է»: Ան նաեւ ըսած է, թէ խմբաւորումը պատասխանատու է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ գործուած մարդկութեան դէմ ոճիրներուն եւ ցեղային մաքրագործումներուն համար:

«Ոճիրները անուանելը կարեւոր է, սակայն կենսականը զանոնք կասեցնելն է», ընդգծած է Քերրի:

Ան ընդունած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն անհասանելի ըլլալուն պատճառով Միացեալ Նահանգներ գործուած բռնարարքներուն «ամբողջական պատկերացում» մը չունին` աւելցնելով, որ «ամբողջական փաստերը» պէտք է հետազօտուին միջազգային անկախ հետաքննութեան մը կողմէ:

Քերրի նշած է, որ իր երկիրը «ուժեղ կերպով պիտի աջակցի» ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուած ոճիրներու փաստերու հաւաքման եւ յանցագործները հաշուետուութեան կանչելու ջանքերուն:

«Փաստը այն է, որ ՏԱՀԵՇ քրիստոնեաները կը սպաննէ, որովհետեւ քրիստոնեայ են, եզիտիները` որովհետեւ եզիտի են, շիիները, որովհետեւ շիի են», յայտնած է ան:

«Այս է իր վերահսկողութեան տակ գտնուող մանուկներուն փոխանցած պատգամը: Անոր ամբողջ աշխարհահայեացքը հիմնուած է իր խոտոր գաղափարախօսութեան չհետեւողները բնաջնջելուն վրայ», ընդգծած է Քերրի:








All the contents on this site are copyrighted ©.