2016-03-18 12:50:00

Հայր Լոմպարտի. ''Պապին Հայաստան ճամբորդութիւնը ուսումնասիրութեան մէջ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 18 Մարտ 2016-ի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, պատասխանելով իրեն ուղղուած մէկ հարցումին­, յայտարարեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ճամբորդութիւնը ուսումնասիրութեան մէջ է եւ թէ, առ այժմ, նախատեսուած է Յունիսի երկրորդ կէսին, ու թէ Ճամբորդութիւնը կազմակերպող Վատիկնաեան յանձնախումբի եզրափակիչ ստուգումը տակաւին չէ կատարուած։

Առ այդ, ըսաւ Հայր Լոմպարտի, ճամբորդութեան վերջնական յայտագիր մը չէ վաւերացուած Քահանայապետի կողմէ, եւ 22-26 Յունիս թուականները ճշգրիտ չեն։ Ան ապա հրաւիրեց  '' դիւրիմացութիւններ չստեղծելու համար, սպասել վերջնական որոշումներուն''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.