2016-03-18 11:38:00

Ծաղկազարդը որպէս դուռը Սուրբ Շաբթուայ


«Ովսաննա, օրհնեալ ըլլայ Ան որ կու գայ Տիրոջ անունով։ Ովսաննա երկինքի բարձունքներն ի վեր» (Մարկ 11, 9-10)։

Քրիստոս ազատ կամքով ընդունեց իր չարչարանքները՝ բեկանելու համար մահուան ուժականութիւնը, այսինքն մեղքին ծանրութիւնը:

Մեղքն է որ մղեց փարիսեցիները եւ սադուկեցիները որպէսզի հրեայ ժողովուրդին եւ նոյնիսկ առաքեալներուն սրտերը վախի եւ տառապանքի մէջ դնեն:

Մեղքի սպառնալիքին դիմաց, Յիսուս մնաց այնպէս ինչպէս որ է՝ սիրել իրենները մինչեւ վերջ:   Նոյնիսկ Խաչին վրայէն՝ իր    սիրոյ նայուածքը ուղղելով բոլորին, հրաւիրեց մեզ սէրը ապրելու եւ սիրոյ մէջ մնալու:

Երբ ժամը հասած էր չարչարանքի բաժակը ըմպելու եւ քալելու գողգոթայի ճանապարհին վրայ, Յիսուս մի քանի վայրկեաններու մէջ զգաց թէ լքուած է նոյնիսկ իր հօրմէն, եւ սակայն հակառակ իր զգացումներուն  Ան սիրով ընդունեց ապրիլ իր չարչարանքները՝ իր առաքելութիւնը վերջակէտին հասցնելու համար։

 Խաչը որ  իր չարչարանքներուն ու մահուան  գործիքն է՝  իր առաքեալներուն համար դարձաւ ինքնաճանաչման եւ քրիստոնեայի ինքնութեան խորհրդանիշ:

Քրիստոս այն թագաւորն է որ կը հրաժարի իր իշխանութիւններէն, իր գահէն որպէսզի մեզի շնորհէ մեր անձերուն փրկութիւնը եւ գոյութիւնը։ Մեզմէ կը պահանջուի  այս սիրոյ տրամաբանութեան մէջ մտնել, տրամաբանութիւն մը՝ որ մեզ կը մղէ ընդունելու մեր եղբայրներն  ու բարեկամները եղբայրսիրութեան ոգիով:

Քրիստոս խաչին վրայ մեռնելով բացումը կատարեց նոր աշխարհին՝ որ մեզի կը պատկանի, մեզի՝ որ զինք կը սիրենք եւ իրեն կը կապուինք:

Բայց,  քաջութիւնը ունի՞նք արդեօք լալու մեր մեղքերուն վրայ:

Արդեօք պատրա՞ստ ենք բանալու մեր սրտերը, այսինքն ապաշխարութեան դուռը, թէ՞  Սուրբ Պետրոսի նման մենք ալ զինք պիտի ուրանանք:

Արդեօք պատրա՞ստ ենք ըլլալու ուրիշներուն ծառաները թէ Պիղատոսին նման պիտի  լուանք մեր ձեռքերը   անձկութիւններուն եւ խեղճութիւններուն դիմաց:

Սուրբ Շաբթուան պատկերը մեր դիմաց դնելով համոզումով ըսենք՝ «այս մարդը  իրապէս Աստուծոյ որդին է...»։

Թող մեր կեանքը որ մեզի սիրոյ միջոցաւ տրուեցաւ այս նոր աշխարհին մէջ՝ ըլլայ «ուրախ լուր»ին նշանը։

Քրիստոսով մենք հաշտուեցանք Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ   իրարու հետ։

Թող այս ուրախ լուրը որ կը տօնենք այսօր՝ մեր դիմաց   պարզէ  Սուրբ Շաբթուան խորհուրդը։

Աւագ Հինգշաբթի օրը հրաւիրուած ենք յիշատակելու առաջին եւ վերջին ընթրիքը։ «Իմ յիշատակիս համար ըրէք ասիկա» ըսաւ Յիսուս։  Երկրպագութեան մէջ իրեն հետ մնանք եւ մեր բարեկամութիւնը մշակենք այս չարչարեալ Քրիստոսին հետ:

Աւագ Ուրբաթ օրը պիտի հետեւինք Քրիստոսին իր խաչի ճանապարհին վրայ։  Պիտի պաշտենք այն փայտեայ Խաչը որ նոր կեանք  պիտի շնորհէ մեզի եւ պիտի փոխէ մեր կենսակերպը:

Շաբաթ օրը Անոր հետ պիտի ըլլանք գերեզմանին առջեւ լռութեան մէջ, որպէսզի կարենանք ընդունիլ Զատկուայ Լոյսը եւ Սուրբ Հոգիին ուժը որ զինք  յարոյց մեռելներու մէջէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.