2016-03-17 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փորթուկալի նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր` 17 Մարտ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահ` Տիար Մարսելօ Ռեպելօ Տէ Սուզա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Այցելութեան ընթացքին, որ կը յատկանշէ Փորթուկալի նորընտիր նախագահի արտերկիր առաջին այցելութիւնը, ընդգծուեցան Սուրբ Աթոռի եւ Փորթուկալի  Հանրապետութեան միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած սատարը Երկրի կեանքէն ներս, յատկապէս Մարդու կեանքի արժանապատուութեան ու ընտանիքի հայող ընկերութեան մէջ կայացած բանավէճի շրջագիծէն ներս։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպայի եւ Միջերկրականի շրջանի կացութեան մասին, յատուկ օրէն շօշափելով գաղթականութեան հարցը ինչպէս նաեւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցեր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.