2016-03-17 08:51:00

Ս. Աթոռը կը խնդրէ Սուրիոյ համար մարդասիրական շտապ օգնութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յոյժ կարեւոր է մարդկասիրական օգնութիւն հասցնել Սուրիոյ ժողովուրդին'', յայտարարած է 15 Մարտին գերապայծառ`  ՄԱԿի ժընեւի աթոռին մօտ Ս. Աթոռի մնայուն առաքելութեան պատասխանատուն։

Վատիկանի դիւանագէտը նոյնպէս կոչ ըրած է փախստականներու գծով ՄԱԿի գլխաւոր տեսուչին, ամէն տեսակ կարգադրութիւններու դիմելու, վերացնելու համար այն խոչընդոտները որոնք արգելք կը հանդիսանան, մարդասիրական կազմակերպութիւններուն   մուտք գործելու երկրի զանազան շրջաններ։

Գերապայծառ  Ռիչարտ Կիրա` ապա կարեւոր նկատած է փոքրամասնութիւններու դերը երկրին վերականգնումին համար ու մատնանշած է թէ  գաղթականներու տուն վերադարձը էական պայման է հաշտութեան, երկրին վերաշինութեան ու կայունութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.