2016-03-17 08:30:00

Հայաստանը աշխարհի ամէնէն երջանիկ երկիրներու վարկանիշով 121-րդն է


ՄԱԿ-­ի կողﬕ հռչակուած Երջանկութեան օրուան` Մարտ 20-­ին ընդառաջ հրապարակուած է աշխարհի ամէնաերջանիկ երկիրներու նոր ցուցակը: Ինչպէս հաղորդէ «Արէնփրես»-­ը, Հայաստանը 157 երկիրներու շարքին գրաւած է 121-­րդ տեղը:

Ամէնէն երջանիկ երկիրներու ցուցակի կազմութեան ժամանակ հաշուի առնուած են երկիրներուն ﬔկ շունչի հաշիւով ՀՆԱ-­ն, ընկերային աջակցութիւնը, առողջ կեանքի տեւողութիւնը, կեանքի մէջ ընտրութիւն կատարելու ազատութիւնը, առատաձեռնութիւնը եւ կաշառակերութիւն:

 Ցուցակին առաջին տասը տեղերը կը գրաւեն  Դանիան, Զուիցերիան, Իսլանտան, Նորվեգիան, Ֆինլանտիան, Գանատան, Հոլանտան, Նոր Զելանտիան, Աւստրալիան եւ Շուէտը:

Հայաստանի հարեւաններէն Վրաստանը 126–րդն է, Ատրպէյճանը` 81-­րդը, Իրանը` 105-­րդը եւ Թուրքիան` 78­-րդը: Ռուսիան կը գրաւէ 56-­րդ տեղը, իսկ Միացեալ Նահանգները` 13-­րդ: Ցուցակին վերջին տեղերը կը գրաւեն Պենինը, Աֆղանիստանը, Թոկոն, Սուրիան եւ Պուրունտին:








All the contents on this site are copyrighted ©.