2016-03-16 11:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ողորմութեան Յոբելեանը պատեհ առիթ է վերադառնալու Հօր ձեռքերուն մէջ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 16 Մարտ 2016-ի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ''Ողորմութեան Յոբելեանը, Սուրբ Դուռէն անցքի միջոցաւ, պատեհ առիթ է վերադառնալու Հօր ձեռքերուն մէջ, որ դժուար պահերու ընթացքին միշտ կը մխիթարէ''։

Ան ապա ողջունելէ ետք հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն,  հիւանդներուն եւ նորապսակներուն յիշեցնելով որ վաղը` Սուրբ Փաթրիքի տօնն է` Իրալնատայի առաքեալը։ ''Անոր հոգեւոր գորովը ձեզ խրախուսէ, սիրելի երիտասարդներ, ձեր հաւատքը ապրելու հետեւողականութեամբ։ Սիրելի հիւանդներ` Փրկիչ Քրիստոսի մէջ անոր ունեցած վստահութիւնը. ձեզի թիկունք կանգնի դժուար պահերու ընթացքին, ու անոր միսիոներական նուիրումը ձեզի` սիրելի նորապսակներ, յիշեցնէ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապ եզրափակելով իր հրապարակային ունկնդրութիւնը ու բոլոր ներկաներուն շնորհելով իր հայրական օրհնութիւնը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.