2016-03-16 09:26:00

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը միջ-եկեղեցական ժողովներուն Ժընեւի մէջ


Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը 3-4 Մարտ 2016-ին, կազմակերպած էր խորհրդակցական հանդիպում մը Պոսէի մէջ, որուն հրաւիրուած էին տարբեր մասնագիտական բնագաւառներէ ընտրուած սեղմ թիւով անհատներ: Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին նպատակն էր քննարկել եւ բիւրեղացնել Ե.Հ.Խ.-ի կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը «Կրօնք եւ Բռնութիւն» (Religion and Violence) խորագրով, որ կը միտի վերածուիլ Ե.Հ.Խ. ուղեգիծին՝ այս նիւթին առնչութեամբ, Գործադիր ու Կեդրոնական Վարչութիւններու որդեգրումէն եւ վաւերացումէն ետք: Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան- Գապաքեան:

Մեկնելով Ե.Հ.Խ-ի «բռնութեան շրջանցում»ի երկար տարիներու աւանդէն, վերոնշեալ թղթածրարը կը վերլուծէ կրօնքի եւ բռնութեան փոխազդեցութիւնը ու անոնց դրսեւորումը այսօրուան աշխարհի տագնապներուն մէջ, տալով Ե.Հ.Խ-ի յատուկ կեցուածքն ու մօտեցումը այս հարցին առնչութեամբ: Թղթածրարի քննարկման ընթացքին, Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտած է, թէ կրօնքի եւ բռնութեան փոխազդեցութիւնը կարելի չէ ընդհանրական մօտեցումով բանաձեւել եւ եզարակացութիւններու յանգիլ։ Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ սոյն երեւոյթը դրսեւորող իւրաքանչիւր տագնապի շրջագիծն ու պայմանները, հաստատելով թէ կրօնքի հիմնաւորումները չեն կրնար բռնութեան առաջնորդել, այլ անհատներն են որոնք կրօնքի պիտակը շահագործելով բռնարարքներու կը դիմեն:

Դոկտ. Պայրագտարեան մէջբերելով Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին մէկ գիրքէն հաստատած է, թէ կրօնքի քաղաքականացումն ու անհատներու կողմէ անոր շահագործումն է, որ կը դրսեւորուի այսօրուան աշխարհին մէջ կրօնի անունով մղուած բռնութեան ընդմէջէն, որ յաճախ կ’առաջնորդէ սխալ մեկնաբանութեանց: Ան նաեւ շեշտած է, թէ Ե.Հ.Խ.-ի կեցուածքը այս հարցին առնչութեամբ պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ, այլ պէտք է դրսեւորէ համադրումը այլ կրօններու հետ, զանոնք հրաւիրելով նմանօրինակ բռնութիւնները դատապարտելու կեցուածքին:

Հանդիպումի վերջին նիստը վարեց Դոկտ. Պայրագտարեան։ Նիստի ընթացքին քննարկուեցան այլազան երկիրներու մէջ առկայ բախումներու օրինակներն ու անոնց բնութագրումը կրօնի տուեալին շահագործման հիմքով, ինչպէս նաեւ Ե.Հ.Խ.-ի յառաջիկայի առաջադրանքներն ու ուղեգիծը «Կրօնք եւ Բռնութիւն» նիւթին առնչութեամբ:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.