2016-03-16 09:16:00

Կիպրոսի մէջ հին ջուղայի խաչքարի կրկնօրինակը պիտի տեղադրուի


Հայաստանի եւ Կիպրոսի հանրապետութիւններու միջեւ մշակութային համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ այսօր, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յարակից այգիին մէջ պիտի տեղադրուի Հին Ջուղայի խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն։

Խաչքարի հանդիսաւոր բացման ներկայ պիտի գտնուին երկու երկիրներու նախագահները: Արարողութեան պիտի մասնակցին ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանն ու Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Գոսդաս Գատիսը:

Խաչքարի տեղադրման առա­ջարկը ներկայացուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէն` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեամբ` Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան խնդրանքով:

Խաչքարը կը թուագրուի 1598 թուականով, գոյնը` բաց կարմրաւուն: Ջուղայի խաչքարերը 15-17-րդ դարերու խաչքարային մշակոյթի պատկերագրական, ոճական ու իմաստաբանական առումով խիստ եզակի երեւոյթ էին:

Տեղադրուող կրկնօրինակի հեղինակը անուանի վարպետ, խաչքարագործութեան մշակոյթի իւրայատուկ դպրոցի հիմնադիրներէն Ռուբէն Նալպանտեանն է:

Յիշեցնենք, որ 2010 թուականին «Խաչքարի արուեստ. խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» Հայաստանի Հանրապետութեան յայտը ընդգրկուեցաւ UNESCO-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.