2016-03-16 09:12:00

Գաղթականներու տագնապին գծով Եւրոմիութիւն-Թուրքիա ծրագիրին դէմ բողոքի ձայներ։


ՓԱՐԻԶ.- «Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, թէ մինչ Թուրքիա սկսած է ընդունելու Յունաստանէն վերադարձուած գաղթականները, Եւրոմիութեան պետութիւնները կը շարունակեն քննարկել գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը կասեցնելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու խորապատկերը։

Արդարեւ, Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Եոհաննա Միքըլ Լէյթնըր կասկած յայտնած է Անգարայի հետ նախատեսուած համաձայնութեան նպատակայարմարութեան հանդէպ։ «Մտահոգիչ երեւոյթ է, որ ընդդիմադիր թերթի մը գրաւումէն երեք օր ետք՝ Թուրքիա պահանջներու ցանկ մը ներկայացնէ եւ վարձատրուի այցագիրի ջնջումի մասին կանխահաս բանակցութիւններով», ըսաւ ան։

Այլ մտահոգութիւն մը եւս կը վերաբերի գաղթականներու ընտրած ուղեգիծին։ Հիմա որ փակուած է Պալքաններու ճամբան, հարկ է նախատեսել Միջերկրական ծովու տարբերակը, որուն դէմ է Եւրոմիութիւնը, իսկ Իտալիա արդէն իսկ սկսած է այլ միջոցներ փնտռելու։

Միւս կողմէ, «Մարմարա» կը գրէ, թէ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլու քննադատած է համաձայնութիւնը։ «Եկէք մե՛նք տանք 6 միլիառ եուրօ, եւ Եւրոպան թող ընդունի բոլոր սուրիացիները, աֆղաններն ու փաքիստանցիները», ըսած է ան։

Անդրադառնալով վարչապետի այն դիտարկումին, թէ Եւրոմիութեան հետ շահաւէտ սակարկութիւն մը եղած է, Քըլըճտարօղլու նշեց, որ իշխանութիւնները կրնան խորհիլ, թէ խաբած են եւրոպացիները, բայց իրականութեան մէջ՝ Թուրքիա դարձած է գաղթականներու հսկայ ճամբար մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.