2016-03-16 09:05:00

ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատը դատապարտած է Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ցեղասպանութիւնը


ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը 393 կողմ եւ 0 դէմ ձայնով միաձայն դատապարտած է «Իսլամական պետութեան» կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու, որոնց շարքին` հայերու, ասորիներու, ազգային փոքրամասնութիւններու` եզիտիներու եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ յանցագործութիւնները` զանոնք ցեղասպանութիւն որակելով եւ ընդունելով թիւ 75 բանաձեւը: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ հայ դատի յանձնախումբը:

«Ամերիկահայերը կ՛ողջունեն այսօր ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի քուէարկութիւնը` որպէս ԱՄՆ առաջնորդներու կողմէ հզօր ազդակ ցեղասպանութիւններուն վերջ դնելու համար: Այդ յարձակումներէն շատերը իրականացուցած են Միջին Արեւելքի Անգարայի դաշնակիցները»,- ըսած է Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան` նշելով, որ ամերիկացի առաջնորդները շատ երկար ժամանակ ցեղասպանութեան ճանաչումը, մասնաւորապէս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը դիտարկէին որպէս աշխարհաքաղաքական ապրանք, որ  ենթակայ է փոխանակման եւ սակարկութեան:

Նշենք, որ թիւ 75 բանաձեւը նախաձեռնած էին Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Ճեֆ Ֆորթենպըրին եւ Աննա Էշոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.