2016-03-15 14:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 մարտի քարոզը ''Աստուած Ինքզինք ունայնացուց մեզ փրկելու համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Եթէ կ՝ուզենք ճանչնալ՝ մեզի վերապահուած Աստուծոյ սիրոյ պատմութիւնը պէտք ենք նայիլ խաչին, որուն վրայ կը գտնուի Աստուած՝  որ Ինքզինք ունայնացուց , եւ մեղքը իր վրան առաւ մարդոց փրկութեան համար։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի երեքշաբթի, 15 մարտին , Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի կեդրոնական նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուայ Սուրբ Գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Մովսէս մարգարէի մասին, որ  անապատին մէջ   պղինձէ օձ մը բարձրացնելով՝ Իսրայելի ժողովուրդը փրկեց  օձի խայթոցէն, Ֆրանչիկսոս Պապ ըսաւ  թէ ''Խորհրդաւոր է  այս արարքը,  Տէրը չի սպանեց օձերը, այլ զանոնք լքեց։ Օձը մեղքի խորհրդանիշն է, ան կը սպանէ սակայն նաեւ կը փրկէ։

Այս է Քրիսոտոսի խորհուրդը հաստատեց  Սրբազան Հայրը աւեցնելով թէ Սուրբ Պօղոս խօսելով սոյն խորհուրդի մասին ըսաւ թէ Քրիստոս ինքզինք ունայնացուց, խոնարհեցուց մեզ փրկելու համար։

Այս է մարգարէական պատգամը մեր այսօրուայ գրային ընթերցումին  ըսաւ Ֆրանչիսկո Պապ մատնանշելով թէ Մարդու Որդին  Խաչին վրայ բարձրացաւ  մեզ փրկելու համար։

Մեղքը Սատանայի գործն է ։ Յիսուս յաղթեց օձին, Ինքն իր վրայ առաւ մեղքը,այսպէսով մեզ բոլորս բարձրացուց։

Խաչը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ գեղեցիկ արուեստական , արժէքաւոր քարերով աշխատանք  մը չէ , Անիկա խորհուրդն  է Աստուծոյ խոնարհեցումին՝ վասն Սիրոյ։

Ասիկա է մեր փրկութեան պատմութիւնը Աստուծոյ սիրոյ պատմութիւնը։ եթէ կ՝ուզենք ճանչնալ Աստուծոյ Սէրը, նայինք խաչին ուր կը գտնենք Աստուած որ Ինքզինք ունայնացուց, մեղքը իր վրան առաւ։ Աստուած մը որ ինքզինք ունայնացնելով յաւերժապէս կործանեց չարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.